ԱՌԻՒԾԸ ԵՒ ՍՏՐՈՒԿԸ

ԱՌԻՒԾԸ ԵՒ ՍՏՐՈՒԿԸ

Ժամանակին, հեռու երկրի մը մէջ շատ վատ* բնաւորութեամբ իշխան մը կար, որ ունէր ստրուկ* մը: Իշխանին ծառայողները եւ օգնականները չէին սիրեր եւ չէին յարգեր զինք, քանի որ ան շատ գէշ կը վարուէր իրենց հետ. անընդհատ կը բարկանար, կը պատժէր, նոյնիսկ կը բանտարկէր ու կը ծեծէր: Հակառակ այս անտանելի վիճակին, անոնք կը շարունակէին մնալ իր քով, քանի կը վախնային իրմէ:

Իշխանը ունէր նաեւ ստրուկ մը, որ բոլորէն աւելի գէշ վերաբերմունքի կ’արժանանար իր տիրոջ կողմէ։ Իշխանը անօթի կը ձգէր զայն, անդադար ծանր աշխատանքի կը լծէր, վիրաւորական խօսքերով անընդհատ կ'անարգէր* զայն:

Չդիմանալով այս վիճակին, ստրուկը օր մը կը յաջողի փախչիլ իշխանին պալատէն եւ կը պահուըտի անտառի մը մէջ, ուր շատ քարայրներ կային: Ժամանակ մը ետք, ուտելիք փնտռած ատեն դէմը կ'ելլէ առիւծ մը, որ սաստիկ ցաւի մէջ էր, քանի որ սրածայր ոստ* մը մտած էր թաթին մէջ։ Խեղճ գազանը* ցաւէն կը մռնչար* ու չէր կրնար քալել: Ստրուկը նախ կը վախնայ առիւծէն, ապա մեղքնալով անոր, կամաց-կամաց կը մօտենայ եւ մեղմօրէն կը քաշէ ոստը թաթէն։ Առիւծը կը հեռանայ առանց ստրուկին վնաս պատճառելու։

Մի քանի օր անց, իշխանը իր ընկերներով որսորդութեան համար անտառ կու գայ: Անոնք թակարդներ լարելով զանազան կենդանիներ ողջ կը բռնեն եւ կը բանտարկեն վանդակներու մէջ։ Ստրուկը, կը գիտնայ, թէ որսորդութեան ելածը իր նախկին տէրն է ու կը փորձէ հեռանալ անտառին խորերը, սակայն դժբախտաբար ինք ալ կ'իյնայ գազաններուն համար լարուած թակարդի մը մէջ ու կը բռնուի։

Տէրը, պատժելու համար անհնազանդ ստրուկը, կը հրամայէ, որ զայն իբր կեր նետեն առիւծին վանդակին մէջ։ Պալատին մէկ հեռաւոր բակին մէջ էին բռնուած գազաններուն վանդակները: Ստրուկը շատ կը վախնայ, երբ կը մտածէ, թէ առիւծը ինչպէս պիտի պատառոտէր* զինք: Սակայն, զարմանալիօրէն, անօթի առիւծը տեղէն չի շարժիր ու չի մօտենար անոր: Ստրուկը, առիթէն օգտուելով կը բանայ վանդակին դուռը, որ փախչի: Այդ պահուն, առիւծն ալ տեղէն կը շարժի ու կաղալով կ'ուղղուի դէպի դուռը: Ստրուկը կ'անդրադառնայ, որ իր օգնած առիւծն էր վանդակին մէջինը, ուստի ոչ միայն վանդակին դուռը ետ չի գոցեր, այլեւ բոլոր վանդակներուն դուռերը բանալով, միւս կենդանիներն ալ ազատ կ'արձակէ։


Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

  1. Ստրուկը ինչո՞ւ կը փախչի իր տիրոջ քովէն։
  2. Ստրուկին տէրը ինչպէ՞ս կը պատժէ զայն։
  3. Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։