ԻՇՈՒԿԻ ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՎ ԻՇԽԱՆԸ
ԻՇՈՒԿԻ ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՎ ԻՇԽԱՆԸ
Ժամանակին թագաւոր մը եւ թագուհի մը կ'ապրէին շքեղ պալատի մը մէջ։ Անոնք միշտ տխուր էին, որովհետեւ զաւակ չունէին։ Օր մը կը լսեն, թէ անտառին մէջ երեք պարիկներ կան, որոնք կրնան իրենց օգնել, որ զաւակ մը ունենան։ Ուստի կ'որոշեն անտառ երթալ անոնց քով:
Պարիկներէն մէկը կը կոչուէր Խելացի, միւսը Գեղեցիկ, իսկ երրորդը՝ Իմաստուն։ Անոնք լսելէ ետք թագաւորին ու թագուհիին խնդրանքը, կը համաձայնին անոնց զաւակ մը պարգեւել եւ իւրաքանչիւրը կը կատարէ մաղթանք մը։
Գեղեցիկը կ'ըսէ, թէ իշխանը շատ վայելչակազմ* պիտի ըլլայ։ Խելացին կ'ըսէ, թէ ան շատ ուշիմ պիտի ըլլայ, իսկ Իմաստունը կ'ըսէ, թէ իշխանը... իշուկի ականջներ պիտի ունենայ։
Ինը ամիս ետք իշխանը կը ծնի եւ իսկապէս շատ ներկայանալի ու խելացի կ'ըլլայ, սակայն իշու ականջներով, որոնք պահելու համար թագաւորը յատուկ գլխարկ մը կարել կու տայ: Որքան ալ մեծնար, իշխանը միշտ գլխարկ կը կրէր. պալատէն ներս թէ դուրս, ոչ ոք գիտէր անոր գաղտնիքը: Բոլորը կը կարծէին, թէ ան իւրայատուկ ըլլալու համար կը դնէր այդ գլխարկը, որ իսկապէս կը վայլէր իրեն: Ոչ ոք կը պատկերացնէր իշխանը առանց այդ գլխարկին:
Իշխանը յաճախ կը լսէր, որ մարդիկ կը զմայլէին իր գեղեցկութեան եւ խելացութեան վրայ, հետեւաբար կամաց-կամաց կը դառնայ ինքնահաւան եւ գոռոզ անձ մը։ Ան յաճախ անիրաւացիօրէն* կը քննադատէր ուրիշները՝ կարծելով, որ ինք կատարեալ անձ մըն է։
Տարիներ անց, իշխանին մազերը արդէն շատ երկարած էին, ուստի թագաւորը այլեւս վարսաւիր* մը կը կանչէ, որ կտրէ զանոնք, խստիւ պատուիրելով անոր, որ մէկու մը չյայտնէ տարիներով գաղտնի պահուած իշխանին իշու ականջներուն մասին։
Օրեր կ'անցնին, բայց վարսաւիրը չէր կրնար գաղտնիքը պահել, անհանգիստ կ'ըլլար, կ'ուզէր անպայման արտայայտուիլ մէկու մը, բայց անմիջապէս կը յիշէր իր տուած խոստումը: Կը շուարի, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ազատիլ այդ վիճակէն: Յանկարծ գաղափար մը կը ծագի մտքին մէջ: Ամայի դաշտ մը կ'երթայ ուր խորունկ փոս մը կը փորէ եւ փոսին կ'ըսէ, որ իշխանը իշու ականջներ ունի. հանգստացած տուն կ'երթայ առանց փոսը ետ ծածկելու....:
Որոշ ժամանակ ետք տարօրինակ հով մը կը փչէ եւ հովին հետ շշուկ մը կը տարածուի երկրին մէջ, թէ իշխանը իշու ականջներ ունի: Մարդիկ նախ կը զարմանան այս տարօրինակ երեւոյթէն, յետոյ չեն հաւատար, ապա կը սկսին կասկածիլ եւ իրարու կը փսփսան, թէ ուրեմն իշխանը իր տարօրինակ ականջները ծածկելու համար միշտ գլխարկ կը կրէր։
Շշուկը կը հասնի իշխանին, որ այլեւս չկարենալով իրականութիւնը ծածկել, կ'ուզէ անկեղծանալ եւ օր մը ժողովուրդին առջեւ կը հանէ գլխարկը եւ կ'ըսէ.
-- Ճիշդ է, ես իշու ականջներ ունիմ եւ կը ցաւիմ, որ անցեալին ձեր թերութիւնները կը մատնանշէի առանց գիտնալու, թէ ես աւելի մեծը ունիմ։
Այդ վայրկեանին իմաստուն պարիկը կը յայտնուի եւ կ'ըսէ իշխանին.
-- Եթէ ես չըլլայի, դուն անձնասէր եւ ինքնահաւան անձ մը պիտի մնայիր։ Հիմա այլեւս պէտք չունիս այդ ականջներուն։
Ձեռքի շարժումով մը պարիկը կ'անյայտացնէ իշխանին իշու ականջները:
Այս դէպքէն ետք իշխանը կը վերածուի բարի ու համեստ անձի մը եւ երբ լսէր, թէ մէկը ուրիշ մը կը ծաղրէ, կ'ըսէ.
-- Ուշադիր եղիր, կրնաս աւելի մեծ թերութիւն մը ունենալ։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Իմաստուն պարիկը ի՞նչ նախատեսեց իշխանին համար։
- Իշխանը ինչո՞ւ միշտ գլխարկ կը կրէր։
- Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։