ԿԱՄՔԻ ԹՌՉՈՒՆԸ

Ժամանակին փոքրիկ տղեկ մը կար Յակոբիկ անունով, որ թռչուն շատ կը սիրէր։ Ան ծնողքին հետ կ'ապրէր տունի մը մէջ, որ շատ մօտ էր անտառին, ուր կ'ապրէին տեսակաւոր թռչուններ, որոնք Յակոբիկի ամենօրեայ ընկերակիցներն էին: Ան շատ լաւ կը զանազանէր թռչուններուն դայլայլը* եւ բոյներուն տարբեր ձեւերը:
Յակոբիկի ծնողները համեստ եւ աշխատասէր մարդիկ էին։ Հայրը փայտահատ* էր, իսկ մայրը՝ դերձակուհի։ Երկուքն ալ շատ ճարտար* էին իրենց գործին մէջ: Անոնք օրնիբուն կ'աշխատէին Յակոբիկը ուրախ պահելու համար:

Ցուրտ ձմեռ օր մը Յակոբիկ կը հիւանդանայ. մօրը բոլոր փորձերը անօգուտ կ'ըլլան. տղան հետզհետէ կը տկարանար։ Ճարահատ*, քաղաքէն բժիշկ կը կանչեն, որ զայն քննելէ ետք կ՚ըսէ.
– Կը ցաւիմ, որ պիտի չկարենամ օգտակար ըլլալ։ Այս ձմեռ շատ մանուկներ կը հիւանդանան եւ պատճառը յայտնի չէ։

Յաջորդ մի քանի օրերուն Յակոբիկին վիճակը կը ծանրանայ եւ անկողինին մէջ չի կրնար նոյնիսկ նստիլ, խորապէս մտահոգելով ծնողքը։
Առաւօտ մը Յակոբիկ երբ կ'արթննայ, կը տեսնէ հայրը, որ անկողինին քով նստած՝ տխուր նայուածքով զինք կը դիտէր։
– Բան մը կ՚ուզե՞ս, տղա՛ս,– կը հարցնէ հայրը։
– Այո՛, հայրի՛կ,– կ՚ըսէ տղեկը,– թռչուն մը կ'ուզեմ։ Կրնա՞ս ինծի թռչուն մը բերել, որ վանդակի մէջ դնենք ու կախենք անկողինիս վրայ, որպէսզի կարօտս առնեմ:
– Անշուշտ, մա՛նչս,– կը պատասխանէ հայրը,– վաղը անպայման քեզի համար թռչուն մը կը բերեմ։

Հայրը լաւ գիտէր սակայն, որ ձմեռ ատեն կարելի չէ թռչուն գտնել անտառին մէջ։ Բայց չէր ալ ուզեր տղուն փափաքը մերժել: Յակոբիկին մայրը, որ լսած էր այս խօսակցութիւնը, ամուսինին խորհուրդ կու տայ, որ փայտէ թռչուն մը շինէ։ Փայտահատը անմիջապէս գործի կը լծուի եւ բաւական ճիգէ ետք կը յաջողի գեղեցիկ թռչուն մը շինել։ Մայրն ալ փայտէ մասերուն վրայ կը կարէ գունաւոր կտորներ, եւ ահա՝ շատ իւրայատուկ* թռչուն մը մէջտեղ կու գայ:

Գիշերը, տղեկին քնացած ժամանակ, հայրը փայտէ թոչունը կամացուկ կը կախէ անոր անկողինին վրայ, այնպէս, որ թռչունը դանդաղօրէն ճօճուէր*։ Առաւօտուն, Յակոբիկ երբ կը նշմարէ այս նոր թռչունը, շատ կ'ուրախանայ, բայց չկարենալով պառկած տեղէն բարձրանալ, հօրը կ'ըսէ.

– Շատ գեղեցիկ է, հայրի՛կ, շնորհակալ եմ, բայց ի՞նչ կը կոչուի* այս թռչունը, որ բնաւ չեմ տեսած անտառին մէջ:
– Ինծի ալ նորութիւն է,– կ'ըսէ հայրը,– կրնամ բարեկամներու հարցնել, թէ ի՛նչ թռչուն է սա:

Յաջորդ առաւօտ, երբ փայտահատը կ'երթայ տղուն սենեակը, կը տեսնէ, որ ան, մահճակալին մէջ նստած, կը փորձէր հասնիլ թռչունին։ Տեսնելով, որ տղան յատուկ ճիգ կը թափէր տեղէն շարժելու, քաջալերելու համար անոր ջանքը, այդ գիշեր, Յակոբիկին քնացած ժամանակ, հայրը աւելի կը բարձրացնէ թռչունը։

Երեք օր ետք Յակոբիկ նորէն կը փորձէր թռչունին դպչիլ, բայց այս անգամ արդէն ծունկերուն վրայ բարձրացած։ Ան կրկին կը հարցնէ հօրը, թռչունին անունին մասին, ու կը ստանայ նոյն պատասխանը, թէ սա շատ հազուագիւտ թռչուն մըն է, ու շատեր չէին գիտեր անունը:

Հինգ օր ետք Յակոբիկ գրեթէ ոտքի կեցած էր անկողինին վրայ եւ քիչ մնացած էր, որ ձեռքերը հասնէին թռչունին. ան հօրմէ կը խնդրէ, որ անպայման իմանայ թռչունին անունը, բայց հայրը կ'ըսէ.
– Միայն դուն կրնաս գիտնալ այս թռչունին տեսակը: Չէ՞ որ ամէն մարդէ աւելի դու՛ն գիտես թռչունները: Դարձեալ փորձէ եւ պիտի կարենաս։

Եօթը օր ետք, երբ Յակոբիկին հայրը փայտ կը կտրէր, տունէն ձայներ կը լսէ։ Անմիջապէս կ'երթայ տղուն սենեակը եւ կը տեսնէ, որ ան ուրախութեամբ կը ցատկռտէր անկողինին վրայ։
– Տե՛ս, հայրի՛կ,– կ'ըսէ Յակոբիկ,– կրցայ հասնիլ թռչունին, բայց շատ յատուկ թռչուն է այս։ Ի՞նչ է արդեօք անոր անունը:
– Անոր անունը կամքի թռչուն է, քա՛ջ տղաս,– կ'ըսէ հայրը, ուրախութեամբ դիտելով Յակոբիկը, որ առողջութիւնն ու աշխուժութիւնը վերագտած՝ կը ցատկռտէր սենեակին մէջ։


Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

  1. Յակոբիկին ծնողքը ինչո՞ւ մտահոգուած էին։
  2. Հիւանդ Յակոբիկ ի՞նչ կը խնդրէ իր հօրմէ։
  3. Յակոբիկ ինչպէ՞ս կը վերագտնէ իր աշխուժութիւնը։