ԹԱԳԱՒՈՐՆ ՈՒ ԵՐԵՔ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆՆԵՐԸ
Ժամանակին իմաստուն թագաւոր մը կար, որ ունէր երեք խորհրդական։ Թագաւորը կ'ուզէ անոնցմէ մէկը ընտրել իբրեւ իր գլխաւոր խորհրդատուն, բայց չէր գիտեր ո՛վ էր ամէնէն յարմարը։
Ուստի թագաւորը կը կանչէ զիրենք ու կ'ըսէ.
– Կ'ուզեմ, որ անտառ երթաք եւ կարելի եղածին չափ շատ կենդանիներու ձագեր բերէք, որպէսզի զանոնք դնեմ կենդանաբանական պարտէզիս մէջ։
Երեք խորհրդականները կ'երթան անտառ: Առաջին երկուքը մեծ դժուարութեամբ եւ բազմաթիւ փորձանքներու ենթարկուելով* կը սկսին հաւաքել առիւծի, արջի, փիղի եւ այլ գազաններու* ձագեր ու հպարտօրէն կը բերեն թագաւորին, վստահ ըլլալով, որ պիտի արժանանան կարեւոր պաշտօնին: Իսկապէս ալ, թագաւորը կը գնահատէ անոնց հնազանդութիւնը եւ քաջութիւնը:
Երրորդ խորհրդականը ձեռնունայն* կը վերադառնայ։ Թագաւորը երբ կը տեսնէ զայն, զարմացած եւ բարկացած կը հարցնէ.
– Ինչո՞ւ չկատարեցիր իմ հրամանս:
– Ո՜վ թագաւոր,- կը պատասխանէ խորհրդականը,- այս կենդանիներու ձագերը շատ փոքր են եւ պէտք ունին իրենց մայրերուն հոգածութեան, իսկ անոնց մայրերն ալ վստահաբար շատ պիտի փնտռեն իրենց ձագերը։
Այդ պատճառով խիղճս չներեց, որ զանոնք բաժնեմ իրարմէ։ Չէ՞ որ գազաններն ալ հոգի ունին եւ իրենց միջավայրին մէջ պէտք է ազատօրէն ապրին:
Թագաւորը կը ժպտի, որովհետեւ գտած էր իր գլխաւոր խորհրդատուն, ու կ'ըսէ անոր.
– Եթէ այդպէս խղճամիտ* եւ արդարասէր ես կենդանիներու հանդէպ, ուրեմն որքա՜ն ազնիւ ու բարի պիտի ըլլաս, երբ մարդոց մասին ըլլայ նիւթը: Դու՛ն ես արժանի գլխաւոր խորհրդատուս ըլլալու։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Թագաւորը ի՞նչ նպատակով որոշեց փորձել իր խորհրդականները։
- Ինչո՞ւ երրորդ խորհրդականը ձեռնունայն վերադարձաւ։
- Թագաւորը ի՞նչ վերաբերմունք ունեցաւ երրորդ խորհրդականին հանդէպ։