ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ...
ԽԵԼԱԽՕՍԻՆ ԱՆՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Այս յօդուածով պիտի անդրադառնանք խելախօսին անպատեհութիւններուն։
Եկէք թուենք զանոնք.
- Խելախօսի չափազանց օգտագործումը մեզ կը վերածէ մեկուսացած* անձերու. յաճախ, նոյնիսկ երբ ֆիզիքապէս ներկայ ենք տեղ մը, մտովի բացակայ կ'ըլլանք հոնկէ, քանի որ մեր կեդրոնացումը փոխանակ շրջապատին վրայ ըլլալու, մեր խելախօսին վրայ կ'ըլլայ։
- Խելախօսին վրայ երկար ժամեր անցընելը վիզի, ձեռքի եւ մատներու ցաւ, ինչպէս նաեւ անքնութիւն կրնայ պատճառել։
- Խելախօսէն մեզի հասած շողարձակումը* կրնայ առողջական լուրջ հարցեր յառաջացնել, ինչպէս ուղեղի կամ մորթի քաղցկեղ։
- Խելախօսին պաստառին լոյսը, ժամանակի ընթացքին, կրնայ տեսողութեան հարցեր պատճառել եւ վնասել աչքի ցանցաթաղանթին*։
- Խելախօսի չափազանց գործածութիւնը կրնայ հոգեբանական հարցերու առաջնորդել եւ մեզ անձնակեդրոն* անձի մը վերածել։
- Մեր ընտանեկան կեանքի բարօրութիւնը* կրնայ գէշ ազդուիլ, երբ մենք մեր բոլոր ազատ ժամերը կ'անցընենք խելախօսին հետ, փոխան մեր ընտանիքի անդամներուն հետ զրուցելու եւ ժամանակ անցընելու։
- Խելախօսները ընդհանրապէս սուղ կ'ըլլան եւ մեր ծնողներուն պիւտճէին վրայ բաւական մեծ բեռ են, մանաւանդ եթէ մենք կ'ուզենք միշտ վերջին նորութիւններէն օգտուիլ կամ մեր ընկերներուն նայելով՝ յաճախ փոխել մեր խելախօսը։
- Խելախօսները նոյնիսկ մեր կեանքին վտանգ կրնան սպառնալ, եթէ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ փորձենք խօսիլ, գրել եւ նամակ ուղարկել մեր բարեկամներուն: