ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ...

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ տիեզերքի մասին

 

  • Տիեզերքի մէջ կան աւելի աստղեր, քան՝ աւազի հատիկներ աշխարհի մէջ։ Միայն մեր աստղախումբին՝ Ծիր կաթինին, մէջ կան շուրջ 200 – 400 միլիառ աստղեր։
  • Տիեզերքի տրամագիծը (diameter) 8.8 x 1026 մեթր է։
  • Երկիրը շուրջ 4.5 միլիառ տարեկան է, որ տիեզերքի տարիքին շուրջ մէկ երրորդն է, որ շուրջ 13.7 միլիառ տարեկան է։
  • Տիեզերքի ծանրութիւնը նուազագոյնը 1053  քիլոկրամ է։
  • Տիեզերքը կեդրոն չունի եւ անդադար կ'ընդարձակուի։ Երկիրը ո՛չ տիեզերքի, ո՛չ ալ Ծիր կաթինին կեդրոնն է։
  • Տիեզերքի բաղկացուցիչ տարրերը աստղախումբերն են, որոնք անդադար իրարմէ կը հեռանան։
  • Արբանեակները ժամական 18,000 մղոն կը ճամբորդեն, այսինքն անոնք ժամական 14 անգամ կրնան Երկրին շուրջ դառնալ։
  • Արեւը չափազանց մեծ է։ Աւելի քան մէկ միլիոն Երկիր կը բաւէ անոր մէջ։
  • Արեւը Երկիրէն 150 միլիոն քիլոմեթր հեռու է։
  • Տիեզերքի միայն 5 տոկոսը կարելի է տեսնել Երկիրէն։
  • Անջրպետի մէջ գրիչները չեն գրեր, որովհետեւ մելանը ձգողական ուժի (gravity) պէտք ունի, որ հոսի դէպի գրիչին ծայրը։ Մասնաւոր գրիչներ ստեղծուած են, որոնք կը գրեն առանց ձգողական ուժի։