ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ...
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ համակարգիչի մասին
- Առաջին համակարգիչի մուկը փայտէ շինուած էր Տակլըս Էնկըլպըրթի կողմէ 1964-ին ։
- Առաջին համակարգիչի ծրագրաւորողը* անգլիացի կին մըն էր՝ Ատա Լավլեյս, որ մաթեմաթիկոս էր եւ դուստրն էր բանաստեղծ Լորտ Պայրընի։
- Մարդիկ աչքերնին աւելի քիչ կը թարթեն, երբ համակարգիչի պաստառին կը նային։ Մէկ վայրկեանի մէջ միայն 7 անգամ, փոխան բնական 20 անգամին։
- Համակարգիչի յիշողութեան մէջ ծրագիր մը տեղադրելու գաղափարը առաջին անգամ ներկայացուած է հունգարացի մաթեմաթիկոս Ճոն Վոն Նիւմէնի կողմէ 1940-ական թուականներու վերջաւորութեան։
- Համակարգիչները կը գործածեն միայն 0 եւ 1 թուանշանները, այսինքն երկեակ դրոյթ (binary system)։
- Համակարգիչի ցանցահէններ* ամիսը նուազագոյնը 5000 նոր մանրէներ* կը ստեղծեն։
- Մօտ ատենէն համակարգիչները պիտի կարենան յայտնել, թէ շուները ինչ կը մտածեն։ Սկանտինաւեան ընկերութիւն մը նման համակարգիչ շինելու ընթացքի մէջ է։
- 2010-ին վարժարան մը համակարգիչի webcam-ը գործածած է լրտեսելու համար աշակերտները իրենց տունին մէջ ։
- Փաստուած է, որ մարդկային ուղեղը շատ աւելի զօրաւոր է եւ բարդ, քան՝ համակարգիչը։
- Հետախուզութիւնները ցոյց տուած են, որ 123456-ը եւ 12345678-ը ամէնէն շատ գործածուող գաղտնաբառերն* են։ Հետեւաբար պէտք է զգուշանալ նման դիւրին գաղտնաբառերէ։