ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ...
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ ընտանի կենդանիներու մասին
ՇՈՒՆԵՐԸ...
- ...սերած* են գայլերէն հազարաւոր տարիներ առաջ։
- ...ունին 40 անգամ աւելի զօրաւոր հոտառութիւն, քան՝ մարդիկը։
- ...միայն դեղին եւ կապոյտ գոյները կը տեսնեն, իսկ մնացեալը մոխրագոյնի երանգներ կը թուին իրենց։
ԿԱՏՈՒՆԵՐԸ...
- ...կրնան նախազգալ փոթորիկը։
- ...կարճատես են, բայց մութին մէջ մարդոցմէ աւելի լաւ կը տեսնեն։
- ...բացառիկ լսողութիւն եւ հոտառութիւն ունին։
- ...շատ հոգածութիւն չեն պահանջեր եւ ուրախ կ’ըլլան առանձին մնալով, մինչ շուները շատ ուշադրութիւն կ’ակնկալեն։
ԽՈԶԵՐԸ...
- ...քրտինքի գեղձ* չունին եւ զովանալու ու արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար ցեխի մէջ կը գլորին։
ԿՈՎԵՐԸ...
- ...մարդոց պէս բարեկամութիւն կը մշակեն եւ կը նախընտրեն յարաբերիլ իրենց նախասիրած կովերուն հետ։
- ...գոյն չեն տեսներ։
- ...10-12 ժամ կը պառկին, բայց միայն 4 ժամ կը քնանան։
ԲԱԴԵՐԸ...
- ...ջրակայուն* փետուրներ ունին։ Անոնք իրենց պոչին քով յատուկ գեղձ* մը ունին, որ իւղ կ’արտադրէ եւ անով կը պատէ անոնց փետուրները։
ԱՅԾԵՐԸ...
- ...ուղղանկիւնաձեւ բիբեր ունին, որ կ’օգնէ իրենց աւելի լաւ տեսնելու մութին մէջ։
ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ
- ...կրնան ինքզինքնին բուժել։
- ...զգայուն եւ խելացի կենդանիներ են։ Անոնք կրնան 50 այլ ոչխարներ ճանչնալ։
ՀԱՒԵՐԸ
- ...զօրաւոր յիշողութիւն ունին: Անոնք կը զանազանեն դէմքեր եւ կը ճանչնան իրենց տէրերը։
- ...բոլոր գոյները կը տեսնեն։
ՁԻԵՐԸ...
- ...գրեթէ 360 աստիճան կը տեսնեն առանց գլուխնին շարժելու, որովհետեւ իրենց աչքերը գլխուն երկու կողմերը կը գտնուին։
- ...ծնելէ քիչ ետք կրնան քալել եւ վազել։
- ...բացառիկ յիշողութիւն ունին եւ շատ խելացի են։