ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ...
Ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած հետաքրքրական իրողութիւններ բարեկամութեան մասին։
- Բարեկամ չունենալը վնասակար է առողջութեան։ Մեկուսացած ըլլալը եւ բարեկամ չունենալը նոյնքան վնասակար է առողջութեան որքան ծխելը եւ սոնքութիւնը։
- Մարդիկ իրենց կեանքի ընթացքին կրնան շուրջ 400 բարեկամ ունենալ, բայց միայն 8 տոկոսը կը յարատեւէ։
- Վերջին 20 տարիներուն բարեկամ չունեցողներու թիւը կրկնապատկուած է։
- Կենդանիներ կրնան բարեկամներ ունենալ տարբեր տեսակի կենդանիներէ։ Ուսումնասիրութեան մը համաձայն կապիկներ, ձիեր, չղջիկներ եւ փիղեր կրնան այլ տեսակի կենդանիներու հետ բարեկամ ըլլալ։
- Ամուսնացած զոյգի մը միջեւ բարեկամութեան գործօնը կ՚օգնէ, որ ամուսնական կապը զօրաւոր ըլլայ եւ ամուսնութիւնը յարատեւէ։
- Լուրջ հիւանդութեան մը պարագային, անձեր, որոնք բարեկամներ եւ ընկերային շրջանակ ունին, աւելի հաւանականութիւն ունին բուժուելու։
- Պաշտօնակիցներու միջեւ բարեկամութիւնը աշխատանքը աւելի հաճելի եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ։
- Բարեկամութիւնը աւելի անհրաժեշտ է իգական սեռին, քան՝ արականին, որ ընտանեկան կապերը աւելի կարեւոր կը նկատէ:
- Բարեկամութիւն մը աւելի զօրաւոր կ՚ըլլայ, եթէ գիտնանք մեր բարեկամին ճաշակն ու նախասիրութիւնները եւ զինք նեղացնող պարագաները։
- Գիտականօրէն փաստուած է, որ լաւ բարեկամներու ընկերակցութիւնը կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը։