ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ նկարիչներու մասին

 

  • Լէօնարտօ Տա Վինչի (իտալացի) բուսակեր էր եւ անասուններու ջերմ պաշտպան։ Ան յաճախ վանդակի մէջ ապրող թռչուններ կը գնէր եւ զանոնք ազատ կ'արձակէր։
  • Սալվատոր Տալի (սպանացի) նկարած է աւելի քան 1500 գեղանկարներ, որոնցմէ շատերը կը նկատուին արուեստի գլուխ-գործոցներ։
  • Էտկար Տեկաս (ֆրանսացի) շատ կը սիրէր պալէն եւ այդ պատճառով շուրջ 1500 գեղանկար նկարած է պալէ պարողներու նիւթով։
  • Թիմ Նովըլս (անգլիացի) մատիտներ եւ թուղթեր կ'ամրացնէր ծառերու վրայ, եւ կը ձգէր, որ քամին կատարէ գծելու աշխատանքը։
  • Հանրի Մաթիսի (ֆրանսացի) «Նաւը» պաստառը Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ շրջուած ցուցադրուած է 46 օր, առանց որ մէկը անդրադառնայ սխալին. միայն 47-րդ օրը այցելու կին մը նկատած է սխալը։
  • Ճեքսըն Փոլլոք (ամերիկացի) ծխախոտներ կ'օգտագործէր գծելու համար։
  • Քլոտ Մոնէի (ֆրանսացի) հայրը հակառակ էր իր որդիին նկարիչ ըլլալուն եւ կ'ուզէր, որ... նպարավաճառ ըլլայ։
  • Վենսան վան Կոկ (հոլանտացի) կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գծած է շուրջ 900 գեղանկար։
  • Ժորժ Պրաք (ֆրանսացի) առաջին նկարիչն է, որուն ողջութեան անոր մէկ պաստառը ցուցադրուած է Լուվրի թանգարանին մէջ։ 
  • Ռաֆայէլ (իտալացի), որ ընտրուած էր նկարազարդելու «Սիսթինեան մատուռ»-ը, վարկաբեկելու համար Միքէլանճելոյի հռչակը, պապը համոզած է, որ ան նկարէ իր փոխարէն, կարծելով, որ Միքէլանճելոն պիտի չյաջողէր լաւ նկարել եւ պիտի խայտառակուէր: Սակայն այսօր, «Սիսթինեան մատուռ»-ի առաստաղի նկարազարդումը կը համարուի արուեստի գլուխ-գործոց մը:
  • Փապլօ Փիքասօ (սպանացի) նիւթական նեղութեան պատճառով՝ խնայողութեան համար, իր «Ծեր կիթառ նուագողը» պաստառը գծած է այլ պաստառի մը վրայ։