ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄՇՏԱԴԱԼԱՐ ԾԱՌԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ...


  1. Հակառակ իրենց անունին, կարգ մը մշտադալար ծառեր կարմիր, սրճագոյն կամ դեղին տերեւներ կ'ունենան փոխան կանաչի։
  2. Մշտադալար ծառերը օգտակար են իրենց մօտ բնակող մարդոց, որովհետեւ ձմեռը իրենց սաղարթախիտ* ճիւղերով կը պաշտպանեն զանոնք զօրաւոր քամիներէ, իսկ ամառը՝ արեւու կիզիչ ճառագայթներէն։
  3. Կարգ մը մշտադալար ծառեր դարերէ ի վեր օգտագործուած են զանազան առիթներով։ Նախաքրիստոնէական կամ հեթանոսական շրջանին, օգտագործուած են տօնախմբութիւններու ընթացքին, իսկ Քրիստոսէ ետք՝ Ամանորի շրջանին, իբրեւ տօնածառ։
  4. Հիւսիսային Եւրոպայի ժողովուրդներն են, որ առաջին անգամ օգտագործեցին եղեւինները որպէս տօնածառ։
  5. Մշտադալար ծառեր կարելի է տեսնել տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ՝ տաք, ցուրտ, չոր կամ խոնաւ։ Անոնք կրնան աճիլ տարբեր բարձրութիւններու վրայ՝ լեռներու գագաթէն մինչեւ ծովեզերեայ շրջաններու եւ կղզիներու մէջ։
  6. Ամէնէն հին ձիթենին կը գտնուի Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ, շուրջ 4000 տարեկան է եւ տակաւին պտուղ կու տայ։
  7. Մշտադալար ծառերը պատսպարան կը հայթայթեն շատ մը կենդանիներու եւ թռչուններու, ինչպէս սկիւռներու, կապիկներու, արծիւներու, բուերու եւ այլն։ Ասոնցմէ շատեր կը բնակին փայտփորիկներու կողմէ բացուած խոռոչներու մէջ։