ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ...

 

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ ծաղիկներու մասին

 

  • Ծաղիկները շուրջ 130 միլիոն տարի առաջ յայտնուեցան բնութեան մէջ։


  • Արեւածաղիկը թունաւոր նիւթեր կ’արտադրէ, որ կրնայ փճացնել քովի բոյսերը։


  • Ոչ բոլոր ծաղիկները անուշ կը բուրեն։ Ամէնէն մեծ ծաղիկը ամէնէն զօրաւոր հոտը ունի եւ կը կոչուի դիակի ծաղիկ (corpse flower) իր շատ անհաճոյ հոտին համար։


  • Կարգ մը ծաղիկներ կ’ուտուին ինչպէս վարդը, խոկիկը (pansy) եւ յուսամը (lavender)։


  • Վարդը ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող ծաղիկն է։ Անոր կը յաջորդեն շուշանը (lilly), խոլորձը(orchid) եւ մարգարտածաղիկը (daisy)։


  • Դարերով ծաղիկները օգտագործուած են կախարդութեան մէջ։ Օրինակ, առաջ կը հաւատային, որ քրքումը (crocus) տեսիլք կամ խաբկանք կը յառաջացնէր:


  • Ծաղիկները գործածուած են նաեւ բժշկութեան մէջ: Մարդիկ կը հաւատային, թէ կռաբանջարը (dandelion) բուժիչ յատկութիւն ունէր։


  • Ժամանակին ծաղիկները զգացումներ կ’արտայայտէին։ Օրինակ վարդագոյն մեխակը կը նշանակէր «քեզ պիտի չմոռնամ»։ Ծիրանագոյն յակինթը կը նշանակէր «ներողութիւն», իսկ դեղինը՝«կը նախանձիմ»։


  • Վարդի իւրաքանչիւր գոյն կը խորհրդանշէ յատկութիւն մը։ Կարմիր վարդը կը խորհրդանշէ սէր, դեղինը՝ բարեկամութիւն, նարնջագոյնը՝ խանդավառութիւն, ճերմակը՝ անբծութիւն կամ անմեղութիւն, վարդագոյնը՝ ուրախութիւն, իսկ մանիշակագոյնը՝ ազնուականութիւն։


  • Խոլորձի (orchid) տեսակներ կան, որ աճելու համար հողի պէտք չունին. անոնք օդէն կը ստանան իրենց անհրաժեշտ սնունդը։