ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ մանուկներու իրաւունքներու մասին


Գիտէի՞ր, թէ...

...Մէկ տարուան ընթացքին 152 միլիոն մանուկ դպրոց չ'երթար եւ կ'աշխատի։
...Մէկ տարուան ընթացքին 73 միլիոն մանուկ կ'աշխատի վտանգաւոր պայմաններու մէջ։
...2 – 17 տարեկան մէկ միլիառ մանուկ ֆիզիքական կամ զգացական բռնութեան կ'ենթարկուի մէկ տարուան ընթացքին։
...Թերզարգացած* երկիրներու մէջ աղջիկներուն 41 տոկոսը կ'ամուսնանայ 18-էն փոքր տարիքին։
...Իւրաքանչիւր 2 երկվայրկեանի մէջ 18-էն վար աղջիկ մը կ'ամուսնանայ։
...Յատուկ կարիքներու տէր մանուկներու 30 առ հարիւրը դպրոց չ'երթար։
...126 միլիոն ընտանիքներ կը նախընտրեն մանչ զաւակ ունենալ։
...Մանուկներու երեք գլխաւոր հարցերն են՝ սոնքութիւն կամ չափազանց գիրութիւն, ծխամոլութիւն եւ թմրամոլութիւն։
...Մանուկներու տօնը կարգ մը երկիրներու մէջ կը նշուի Յունիս 1-ին, իսկ այլ երկիրներու մէջ՝ Նոյեմբեր 20-ին։