ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումին թեման նկարչութիւնն է կամ նկարչական արուեստը։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԱՆՈՒՆԸ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԻՐԵՐՈՒ ՄԷՋ

Խաղալ

ԽԱՉԲԱՌ ՀԱՅ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՎ

Խաղալ

ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

Խաղալ

ԳԻՏԵ՞Ս ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆԸ

«Արուեստը հայրենիք եւ ազգութիւն չունի» խօսքը լսա՞ծ էք: Սա կը նշանակէ, թէ որեւէ ազգի պատկանող արուեստագէտի ստեղծագործութիւնը նոյնքան կը վայելեն ու կը գնահատեն այլ ազգերու պատկանող մարդիկ: Վարը պիտի գտնէք անունները խումբ մը համաշխարհային ճանաչում ունեցող նկարիչներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն դուրս ծնած եւ ստեղծագործած հայ նկարիչներու: Եկէք գիտնանք, թէ անոնք ո՞ր ազգի ծնունդ են կամ եթէ հայ են՝ ու՛ր ապրած են: Ձախ սիւնակի իւրաքանչիւր նկարիչ միացուցէք աջ սիւնակի համապատասխան ազգութեան:

Խաղալ

ԳԻՏԵ՞Ս ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այս խաղին մէջ ընտրած ենք ութ նշանաւոր նկարիչներ՝ չորս հայ եւ չորս եւրոպացի։ Ձախ սիւնակի իւրաքանչիւր գործ միացո՛ւր իր ստեղծագործողին։ Եթէ կը փափաքիս տեսնել տրուած գեղանկարները, պրպտէ համացանցը ու ծանօթացիր այդ եւ նոյն նկարիչին այլ գործերուն: Ո՞ր մէկը շատ սիրեցիր...

Խաղալ

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂ

Ահաւասիկ սուր տեսողութիւնդ քննելու առիթ մը: Կրնա՞ս գտնել երկու նկարներուն միջեւ գտնուող 7 տարբերութիւնները: Եթէ ուզես կրնաս ժամ բռնել ու տեսնել, թէ որքա՛ն արագ պիտի գտնես եօթն ալ: Ի՛նչ հետաքրքրական կ'ըլլայ, եթէ ընկերներով խաղաք ու բաղդատէք ձեր արդիւնքները:

Խաղալ