ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի՛ ընթերցող, «ՓԹԻԹ»-ի այս թարմացումի նիւթը հայկական դիցաբանութիւնն է։
Կարդալ ամբողջութեամբԳԻՏԵ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ
Փորձէ թէ որքա՞ն լաւ է յիշողութիւնդ: Իւրաքանչիւր աստուած միացո՛ւր իր պաշտօնին։
ԽաղալԳԻՏԵ՞Ս ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆՈՂ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ
Բոլոր հին ժողովուրդները ունեցած են աստուածներ, որոնք յաճախ իրենց պաշտօններով եւ յատկանիշերով կը նմանին իրարու: Ձախ սիւնակին մէջ նշուած են հայկական, իսկ աջին մէջ յունական դիցարանի աստուածները: Արդ, իւրաքանչիւր հայ աստուած միացո՛ւր իրեն համապատասխանող յոյն աստուածին:
ԽաղալԽԱՉԲԱՌ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՎ
Եթէ արդէն կարդացիր «Պատմական» եւ «Խմբագրական» բաժիններուն մէջ տեղադրուած գրութիւնները հայկական դիցաբանութեան մասին, ապա ժամն է խաղալու: Եթէ դեռ չես կարդացած, ապա խորհուրդ կու տանք խաղալէ առաջ կամ ետք, անպայման կարդալ ատոնք: Ուրեմն խաչբառը լուծելու համար աստուածներուն անունները տեղադրէ՛ ցանցին մէջ։
ԽաղալՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱՐԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Տուեալ աստուածներուն անունները ջնջէ՛ ցանցին մէջ, ապա մնացեալ տառերով կազմէ պահուած բառը, որ Վահագնի տրուած ածական մըն է։
Բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ՝ երկու ուղղութեամբ։ Իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ կրնաս օգտագործել։
Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։