ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

 

Սիրելի՛ ընթերցող,

«ՓԹԻԹ»-ի այս թարմացումի նիւթը հայկական դիցաբանութիւնն է։

Հայ ազգը մինչեւ քրիստոնեայ դառնալը՝ 301 թուականին, եղած է հեթանոս եւ պաշտած է բազմաթիւ աստուածներ, որոնք մեծ մասամբ կը խորհրդանշէին բնութեան ուժերը, ինչպէս ջուր, կրակ, լոյս, նաեւ մարդկային յատկութիւններ՝ գեղեցկութիւն, քաջութիւն, իմաստութիւն եւ այլն։

Հայ ժողովուրդը տաճարներ եւ մեհեաններ կառուցած է իր պաշտած աստուածներուն համար, ուր զոհեր կը մատուցուէին անոնց, որպէսզի անոնք լաւ աչքով նայէին* ժողովուրդին։

Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք դառնալէն ետք սոյն տաճարները մեծ մասամբ քանդուեցան. ներկայիս կանգուն կը մնայ Կոտայքի մարզին մէջ գտնուող Գառնիի հեթանոսական տաճարը։

Հեթանոսական այդ աստուածները գրաբարի մէջ կը կոչուէին դիք, (իգական աստուածները՝ դիցուհի): Անոնց մասին գիտութիւնը կը կոչուի դիցաբանութիւն, իսկ անոնք հաւաքաբար ծանօթ են դիցարան անունով: Մեր աւանդական պատմութեան հերոսները՝ Հայկ, Արա, Արամ եւ այլք, կը կոչուէին դիւցազն կամ դիւցազուն, որ կը նշանակէ «աստուածներու զաւակներ»: Ժողովուրդը կը հաւատար, որ իր հերոսները այդ աստուածներէն սերած են*:

Հայկական դիցարանին գերագոյն աստուածն է Արամազդը։ Միւս աստուածներն են՝ Անահիտ, Վահագն, Միհր, Տիր, Աստղիկ, Նանէ, Ծովինար, Սպանդարամետ, Վանատուր եւ Ամանոր։

Նկատի առէք, որ երբ կը խօսինք հեթանոս աստուածներու մասին, բառը կը գրենք փոքրատառ ա-ով, որպէսզի տարբերենք իսկական Աստուածէն, որ միշտ կը գրուի գլխագիր:

Այս թարմացումով, զանազան խաղերու ընդմէջէն, պիտի ծանօթանանք սոյն աստուածներուն, անոնց պաշտօններուն եւ իրենց համապատասխանող յունական աստուածներուն։