ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ



Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ,


21 Սեպտեմբեր 2021-ին պիտի նշուի մեր հայրենիքի անկախութեան 30-ամեակը։ Անկախութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի որեւէ երկրի համար, սակայն Հայաստանի համար առաւել կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ հայ ազգը դարեր շարունակ եղած է այլ ազգերու տիրապետութեան տակ եւ բացի 1918 – 1920-ի կարճատեւ անկախութենէն, դարերով անկախ չէ եղած։


2020 թուականը հայ ազգին համար եղաւ աղէտաբեր տարի մը։ Կորսնցուցինք Արցախէն կարեւոր մաս մը, ունեցանք հազարաւոր նահատակներ ու վիրաւորներ եւ մեր ազգային արժանապատւութիւնը մեծ հարուած ստացաւ։ Սակայն այս բոլոր ժխտական երեւոյթներուն մէջ կար դրական զարգացում մը՝ սփիւռքահայութեան միասնական կեցուածքը՝ ամէն կարելի ձեւով օգտակար հանդիսանալու մայր հայրենիքին։ Սփիւռքահայ զանազան կազմակերպութիւններ եւ անհատներ բողոքի ցոյցերով, դրամահաւաքի ու այլ բարեգործական նախաձեռնութիւններով օգտակար եղան Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին՝ պատերազմի ընթացքին եւ զինադադարէն* ետք։


Սիրելինե՛ր, իբրեւ սփիւռքահայ նոր սերունդի անդամներ, պէտք է ջանանք, մեր կարելիութիւններու սահմանին մէջ, մի՛շտ օգտակար ըլլալու մեր հայրենիքին եւ Արցախին, որովհետեւ մենք՝ սփիւռքահայերս, մեր հայրենիքին գլխաւոր հարստութիւնն ենք: Պարտութեան վստահաբար պիտի յաջորդեն յաղթանակներ, մանաւանդ եթէ բոլորս մեր առաւելագոյնը տանք մայր հայրենիքին՝ անոր անկախութիւնը եւ բարօրութիւնը* զօրացնելու համար։