ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ՓԹԻԹ-ի հիմնադիր-խմբագիրի յիշատակին
ԱՆՄԱՀԱՑԱՒ
Մարուշ Երամեան*
Սփիւռքահայ գրագիտուհիներու սակաւաթիւ փաղանգին մէջ այնքան փոքր է թիւը խմբագրուհիներուն, որ չունինք պերճանքը անոնցմէ մէկն իսկ կորսնցնելու, ուստի նաեւ այդ պատճառով Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի անժամանակ մահը ափսոսալի է, մանաւանդ որ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ան:
Մանկական քանի՞ հանդէս ունինք այսօր, որ Սփիւռքի մեր փոքրերուն ոչ միայն հաճելի ժամանց կը հրամցնէ, այլեւ արեւմտահայերէնի հիմնական գիտելիքներ կը փոխանցէ խաղերով, հաճելի վարժութիւններով, գեղեցիկ գոյներով եւ գծանկարներով:
Ինք ըլլալով շատ համեստ եւ ընդհանրապէս լռակեաց, շատերս չենք ճանչցած Վերժինը ինչպէս որ է, չենք գնահատած իր հսկայ աշխատանքը՝ ինչպէս հարկ է:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը աւարտելէ եւ քանի մը տարի դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, ան ընտրած է ուսուցչութիւնը իբրեւ ասպարէզ: Մօտէն ապրելով հայ աշակերտներուն հետ, ան հասկցած է թէ հայ աշակերտին կը պակսի արդիական, հաճելի մանկական թերթ մը, որ միաժամանակ ըլլար գեղեցիկ միջոց մը արեւմտահայերէն սորվելու։
Անակնկալ չէր ուրեմն, որ ՓԹԻԹ գնահատուեցաւ ոչ միայն մանուկ ու պատանի ընթերցողներուն եւ հայերէնի ուսուցիչներու կողմէ, այլեւ արժանացաւ Հայաստանի Սփիւռքի եւ Կրթութեան նախարարութիւններուն, Հայկազեան համալսարանին եւ մանաւանդ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին գնահատանքին. վերջինս 2015-էն ի վեր կը հովանաւորէ ՓԹԻԹ-ի կայքը:
Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան, հակառակ իր «զաւկին»՝ ՓԹԻԹ-ին մեծ յաջողութեան, երբեք չկորսնցուց իր համեստութիւնը եւ մնաց հաւատաւորը, «գործը աւելի բարձր կը խօսի, քան խօսքը» ասացուածքին: Ամբողջովին նուիրուած էր իր ստեղծած եւ մեծ գուրգուրանքով պահած հանդէսին: Արդեօք պիտի ըլլա՞յ մէկը, որ ուզէ, որ կարենայ շարունակել այս գեղեցիկ հանդէսը այնպէս, ինչպէս ինք կ’ընէր, իւրաքանչիւր թիւը հեքիաթներով, խաղերով եւ այլ ուսանելի միջոցներով հարստացնելով:
Իսկապէս, «Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան անմահացաւ ՓԹԻԹ-ով»:
* վերահրատարակուած՝ յապաւումներով
ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԸՆՏԱՆԻՔ
- ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ԾԱՌԵՐ
- ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
- ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
- ՏԻԵԶԵՐՔ
- ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
- ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
- ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ
- ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
- ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
- ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
- ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
- ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
- ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԶԲԱՂՈՒՄՆԵՐԸ
- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
- 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
- ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ