ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ

 

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթը հայկական խոհանոցն է։

Խոհանոցը միայն այն սենեակը չէ, ուր ճաշ կ'եփենք: Աւելի լայն ըմբռնումով անիկա կը նշանակէ ընդհանրապէս ուտեստեղէնի հետ կապ ունեցող ամէն ինչ:

Ազգային ուտեստը երկրի մը խոհարարական ոլորտին եւ աւելի լայն առումով՝ մշակոյթին մաս կը կազմէ։ Ժողովուրդի մը կենցաղավարական* աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ բնաշխարհի* բարիքները կը մէկտեղուին ազգային խոհանոցին մէջ։

Երկիրներ կան, որոնք իրենց յատուկ խոհանոցը չունին, ուրեմն կարգ մը ուտելիքներ կը նկատուին այդ երկրին ազգային ուտեստը։ Այդպիսիներէն է, օրինակ, համպըրկըրը Միացեալ Նահանգներու համար: Մինչ ուրիշ երկիրներ, այնքան բազմազան խոհարարական մշակոյթ ունին, որ կարելի չէ մէկ տեսակ ընտրել իբրեւ ազգային ուտեստ։ Նման երկիրներէն է Հայաստանը իր բազմազան խոհանոցով կամ կերակրատեսակներով։

Մենք այս թարմացումով պիտի կեդրոնանանք հայկական խոհանոցին վրայ։ Այն եզակի է իր ուտեստներով եւ առանձնայատուկ* է, որովհետեւ սերտօրէն կապուած է հիւրընկալութեան եւ հիւրասիրութեան հետ։ Միայն հայերն են, որ իրենց դիցարանին մէջ ունեցած են հիւրասիրութեան եւ հիւրընկալութեան աստուած՝ Վանատուրը։

Հայկական խոհանոցի գլխաւոր ուտելիքներէն են՝ հարիսան, խաշը, խորովածը, տոլման, ղափաման, անուշապուրը, գաթան եւ անշուշտ լաւաշ հացը, որ յայտնի դարձաւ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ 2014-ին ընդգրկուեցաւ UNESCO-ի ոչ-նիւթական ժառանգութեան ցուցակին մէջ։


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ