ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ.
Դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը բոլորիդ կը մաղթենք բարի վերամուտ։ Վստահաբար ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի խառն զգացումներ ու հոգեվիճակ։ Թերեւս ոմանք ուրախ են,
որ կը վերադառնան իրենց դպրոցը, կը վերագտնեն իրենց դասընկերները, իսկ ուրիշներ հաւանաբար նեղուած են, որ վերջ կը գտնեն ամառնային արձակուրդն ու հաճելի
ժամանցները, եւ պիտի վերսկսին դասերն ու պարտականութիւնները։
Սիրելինե՛ր, անշուշտ այս զգացումները շատ բնական են, սակայն նկատի ունեցէք թէ առանց դպրոցի որքա՜ն անիմաստ ու միօրինակ պիտի ըլլար ձեր առօրեան։
Դուք թերեւս կը կարծէք թէ, տարուան 365 օրերուն եթէ ազատ ըլլայիք ձեր նախասիրած զբաղումները ունենալու, շատ ուրախ պիտի ըլլայիք։ Սակայն գիտցէք,
որ շուրջ 160 օր ունեցող դպրոցական տարեշրջանն է, որ կ’արժեւորէ հանգիստն ու արձակուրդը, եւ առանց դպրոցի, ձեր կեանքը պիտի ըլլար անարժէք ու աննպատակ։
Ուստի ուրախ եղէք, որ ձեր ծնողները բազում զոհողութիւններու գնով ձեզ դպրոց կը ղրկեն, եւ առաւե՛լ ուրախ եղէք, եթէ դուք հայկական վարժարան կը յաճախէք,
որովհետեւ հայ դպրոցը ոչ միայն ձեզի կու տայ անհրաժեշտ գիտելիքները, այլ նաեւ ձեզի կը սորվեցնէ ձեր մայրենի լեզուն,
գրականութիւնն ու պատմութիւնը եւ մանաւանդ՝ ձեր մէջ կը ներարկէ հայ ոգին եւ հայ ըլլալու հպարտութիւնը։
Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, գիտցէ՛ք ուսման ու դպրոցին, մանաւանդ հայ
դպրոցին արժէքը, որ ոչ միայն կը կերտէ լաւ մարդն ու քաղաքացին, այլեւ լաւ հայը։
ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
- ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
- ՏԻԵԶԵՐՔ
- ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
- ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
- ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ
- ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
- ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
- ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
- ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
- ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
- ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԶԲԱՂՈՒՄՆԵՐԸ
- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
- 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
- ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ