ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ.

Փոքրիկ մը, ծնած օրէն իսկ, կը սկսի վայելել ստանալու հաճոյքը։ Կը ստանայ սէր, գուրգուրանք, ուշադրութիւն եւ բնականաբար՝ սնունդ։ Տարիներու  ընթացքին այդ հաճոյքը կը բազմապատկուի խաղալիքներով, գիրքերով, հագուելիքով եւ զանազան բնոյթի նուէրներով։

Ստանալու հաճոյքը շատ բնական է, սակայն պէտք է գիտնանք, որ ստանալու հաճոյքին կողքին կայ նաեւ տալու կամ նուիրելու հաճոյքը, որ շատ աւելի կարեւոր եւ մնայուն է, որովհետեւ անսահման ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը պարգեւէ նուիրողին։

Մեր երկիրներուն մէջ զանազան նուիրահաւաքներ կը կազմակերպուին, որպէսզի օգտակար դառնանք հայրենիքի, Արցախի կամ այլ գաղութներու* մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։
Սիրելինե՛ր, նման նուիրահաւաքներու մասնակցութիւնը անպայման մեծ գումարներ չի պահանջեր։ Սակայն պայման է որ մեր մասնակցութիւնը բերենք մեր անձնական խնայողութենէն, որպէսզի ապրինք ուրիշին, կարիքաւորին օգտակար եղած ըլլալու գոհունակութիւնը, նաեւ որպէսզի վարժուինք նուիրելու գաղափարին, որ հաւատացէ՛ք, բոլորիս պիտի պատճառէ մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն։

 


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ