ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Ընտանի Կենդանիները
«Փթիթ»-ի այս թարմացումի նիւթը ընտանի կենդանիներն են։
Ընտանի կը կոչուին այն կենդանիները, որոնք ընտելացուած են* եւ կը պահուին մարդոց կողմէ, տարբեր նպատակներով։ Ոչ-ընտանի կենդանիները կը կոչուին վայրի, որ պէտք չէ շփոթել վայրենի բառին հետ, որ կը նշանակէ կատաղի, վտանգ պատճառող եւ այլն: Բոլոր վայրի կենդանիները վայրենի չեն ըլլար:
Ընտանի կենդանիները կարելի է բաժնել երեք խումբի.
Ա- Տան մէջ իբրեւ մարդուն ընկերակից պահուող կենդանիներ, ինչպէս շունը, կատուն, կարգ մը թռչուններ ու ձուկեր եւ այլն։
Բ- Ագարակի մէջ պահուող եւ մեզի կաթ կամ միս տուող կենդանիներ, ինչպէս ոչխարը, կովը, խոզը, այծը, հաւը, աքլորը եւ հնդկահաւը։
Գ- Մարդուն ծառայող կենդանիներ, ինչպէս ձին, էշը, ուղտը, եզը, ջորին եւ այլն: Նաեւ շուներ, որոնք կ'օգնեն տուները պաշտպանելու գողերէ, ոստիկաններուն հետ ոճրագործներ կը հետապնդեն, կոյրերու կ'ընկերակցին իբրեւ ուղեցոյց* եւ այլն:
Յատկապէս շունը եւ կատուն ամէնէն ընդհանրացած ընտանի կենդանիներն են եւ անոնք կը դառնան ընտանիքի անդամ։ Սակայն եթէ տան մէջ ունինք ընտանի կենդանի մը, պարտաւորութիւններ ունինք անոր նկատմամբ։ Պէտք է հոգ տանինք անոր մաքրութեան, սնունդին ու առողջութեան եւ պարբերաբար անասնաբուժի տանինք զայն։
Հետեւաբար, եթէ պատրաստ ենք հոգալու կենդանիին պէտքերը եւ սէր ունինք ընտանի կենդանիներու հանդէպ, միայն այդ ժամանակ պէտք է մտածենք տան մէջ ունենալու ընտանի կենդանի մը։
ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԾԱՌԵՐ
- ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
- ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
- ՏԻԵԶԵՐՔ
- ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
- ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
- ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
- ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
- ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
- ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
- ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
- ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԶԲԱՂՈՒՄՆԵՐԸ
- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
- 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
- ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ