ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Սիրելի՛ ընթերցողներ,
Ինչպէս կը տեսնէք, ՓԹԻԹ-ի կայքը բարեփոխուած է եւ այսուհետեւ յաջորդ թարմացումները պիտի ունենան յատուկ թեմա մը։ Նաեւ պիտի տեսնէք, որ նոր բաժիններ աւելցած են կայքին վրայ, ինչպէս՝«գիտական», «պատմական» եւ «աշխարհագրական» որոնք մասամբ պիտի անդրադառնան թարմացումի թեմային:
Կը փափաքինք շնորհակալութիւն յայտնել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, որ սիրայօժար ստանձնեց նաեւ այս փոփոխութիւններուն յաւելեալ ծախսերը, ձեզի հրամցնելու համար աւելի հետաքրքրական եւ օգտաշատ կայք մը։
2022 տարուան առաջին թարմացումին թեման է գարնանային ծաղիկները։
Հիրիկ – iris, խոկիկ – pansy, կակաչ – tulip, յակինթ – hyacinth, նարգիզ- daffodil, գերմաստ – lupine, քրքում – crocus, ձիւնափառ – glory of the snow, մշկածաղիկ – lily of the valley, ցռկածաղիկ – snapdragon, սխտորազգի–allium, ձիւնածաղիկ–snowflake, աղաւնային – columbine, գարնանածաղիկ– primrose, մարգարտածաղիկ–daisy
Ծանօ՞թ էք վերը նշուած ծաղիկներուն։ Հաւանաբար միայն մի քանի հատին. ծանօթ էք, թերեւս ոմանց ալ՝ անգլերէն անունին միայն, բայց վստահաբար մեծ մասը տեսած էք բնութեան մէջ։
ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումով, զանազան խաղերու ընդմէջէն, պիտի ծանօթանանք գարնանային ծաղիկներուն, որպէսզի սորվինք անոնց հայերէն անունները եւ երբ բնութեան մէջ տեսնենք զանոնք, կարենանք զանազանել իրարմէ։
ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԾԱՌԵՐ
- ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
- ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
- ՏԻԵԶԵՐՔ
- ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
- ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
- ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
- ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
- ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
- ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
- ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
- ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԶԲԱՂՈՒՄՆԵՐԸ
- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
- 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
- ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ