ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԸՆՏԱՆԻՔ

 

Ընտանիքը շատ կարեւոր դեր ունի մեր կեանքին մէջ։ Ան մեզի կը հայթայթէ* զգացական, ընկերային եւ նիւթական ապահովութիւն։ Առանց ընտանիքի, կեանքը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, քան երբ շրջապատուած ենք տան հարազատ անդամներով:

Ընտանիք բառը կազմուած է ընդ նախդիրէն եւ տուն արմատէն: «Ընդ տան» կը նշանակէ տունի մէջ՝ ուրեմն ընտանիք՝ նոյն տունին մէջ գտնուողներ, ապրողներ: Բառին ժողովրդական ստուգաբանութիւնը* նոյնպէս հետաքրքրական է, որ բառին կազմութիւնը կը բացատրէ «ընդ-տանիք» ձեւով, իբրեւ նոյն տանիքի տակ ապրող մարդոց խումբ։

Գերդաստանը կամ տոհմը արիւնակցական* կապով իրարու առնչուած ընտանիքներու ամբողջութիւնն է: Այն գերդաստանները, ուր կը պահուին ընտանեկան աւանդութիւնները, կ'ըլլան աւելի համերաշխ եւ սիրով:

Ծուխ բառը եկեղեցական իմաստով կը նշանակէ մէկ տունի մէջ ապրողներու խումբ: Բառին ծագումը եկած է այն երեւոյթէն, երբ ամէն հին գիւղական տուն ունէր իր կրակարանը կամ թոնիրը, որմէ ծուխ կ'ելլէր:

Ընտանիքի գլուխ ըսելով ընդհանրապէս նկատի կ'առնուի տան հայրը կամ ամենամեծ անդամը, որ աւանդականօրէն կրնար ըլլալ նաեւ մեծ մայրը կամ մեծ հայրը: Արդի ըմբռնումով*՝ ընտանիքի գլուխը կը համարուին հայրն ու մայրը՝ իբրեւ միասնութիւն:

Ազգային, քաղաքացիական* ու ընկերային ինքնութեան ամէնէն կարեւոր լծակներէն* մէկը ընտանիքներու համերաշխ գոյավիճակն ու զաւակներու առողջ դաստիարակութիւնն է։

Ապագայ սերունդներու ճիշդ դաստիարակութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի հայ ընտանիքը: Հայ ծնողքը մարդկային, ազգային, հոգեւոր արժէքներ եւ աւանդոյթներ փոխանցելով՝ կը կերտէ իր զաւակներուն հոգեմտաւոր* կառուցուածքն ու քրիստոնէական, հայեցի ու մարդկային դիմագիծը, արմատաւորելով կենսական արժէքներ ու ըմբռնումներ անոնց մէջ:


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ