ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Back

ՓԹԻԹ-ի Պարգեւատրումը Հայկազեան Համալսարանին Կողմէ

23 Փետրուար 2018-ին Հայկազեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՓԹԻԹ պարբերաթերթին, կայքին եւ յաւելուածին նուիրուած ձեռնարկ «Ծնունդ, նպատակ եւ հեռանկարներ» խորագիրով, կազմակերպութեամբ համալսարանի Տէրեան գրադարանի պատասխանատուներուն եւ գործակցութեամբ ՓԹԻԹ-ի խմբագիրներուն։

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց համալսարանի գրադարաններու պատասխանատու օրդ. Սոնիա Սիսլեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք շեշտեց մանկապատանեկան գրականութեան կարեւորութիւնը։ Մանկավարժ եւ տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան անդրադարձաւ ՓԹԻԹ պարբերաթերթին հարուստ բովանդակութեան եւ հայ նոր սերունդներու հայեցի եւ առողջ դաստիարակութեան համար անոր ունեցած կարեւորութեան։ Դաշնամուրի վրայ Արի Վարդանեանի ելոյթէն ետք, լրագրող Շիրազ Ճերեճեան կատարեց կենդանի (պաստառի վրայ) ներկայացումը ելեկտրոնային ՓԹԻԹ-ի զոյգ տարբերակներուն՝ կայքին եւ յաւելուածին, որմէ ետք Կարօ Աբրահամեան արտասանեց խմբագրութեան խօսքը, անդրադարձաւ ՓԹԻԹ-ի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՓԹԻԹ-ի անձնակազմին, Հայկազեան Համալսարանի նախագահին ու Տէրեան գրադարանի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին ՓԹԻԹ-ի առաքելութեան եւ օգնութեան ձեռք երկարեցին, յատկապէս Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին, որ հովանաւորն է ելեկտրոնային ՓԹԻԹ-ին։

Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, տեսերիզով իր խօսքը փոխանցեց՝ գնահատելով ՓԹԻԹ-ը, որ կը միացնէ մանկավարժականը, թեքնիքը եւ մաքուր արեւմտահայերէնը։

Վերջին խօսք առնողն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ գնահատեց ՓԹԻԹ-ի խմբագիրներուն անհատական նախաձեռնութիւնը եւ անդրադարձաւ ՓԹԻԹ-ի առաքելութեան, ապա բեմ հրաւիրելով պատուեց ՓԹԻԹ-ի խմբագիրները համալսարանին յուշամետալով։