ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Երաժշտութիւն

 

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթն է երաժշտութիւնը։

Երաժշտութիւնը համաշխարհային լեզու մըն է, որ կը ստեղծուի մարդոց կողմէ, բայց նաեւ գոյութիւն ունի բնութեան մէջ։ Վստահաբար լսած էք հոսող ջուրի մը կամ ջրվէժի մը կարկաչիւնը, թռչունի մը դայլայլը կամ տերեւներու խշշոցը։

Երաժշտութիւնը չափազանց կարեւոր է մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ո՛չ միայն հաճոյք կը պատճառէ, այլեւ կը հանգստացնէ, նոյնիսկ կը բուժէ: Ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ երաժշտութեան ունկնդրութիւնը կ'օգնէ հիւանդի մը ցաւը մեղմացնելու, որովհետեւ այն ուղղակի ազդեցութիւն ունի հորմոններու վրայ։ Խանդավառ երաժշտութիւնը օրուան ընթացքին, կամ մարմնամարզի ատեն մեր եռանդը կ'աւելցնէ, իսկ երեկոյեան մեղմ կամ դասական երաժշտութեան ունկնդրութիւնը՝ կը բարելաւէ քունը։

Գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրետերիք Նիցչէ ըսած է, որ կեանքը առանց երաժշտութեան սխալ պիտի ըլլայ։

Այս թարմացումով պիտի կեդրոնանանք հայ երաժշտութեան եւ երաժիշտներու վրայ։ Զանազան խաղերու ընդմէջէն պիտի ծանօթանանք նշանաւոր հայ երաժիշտներու, ինչպէս Սայեաթ Նովա, Քրիստափոր Կարա Մուրզա, Կոմիտաս, Մակար Եկմալեան, Նիկողայոս Տիգրանեան, Տիգրան Չուխաճեան, Ռոմանոս Մելիքեան, Ալեքսանտր Սպենդիարեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Բարսեղ Կանաչեան, Արմէն Տիգրանեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Առնօ Պապաճանեան, Արամ Խաչատուրեան եւ Տիգրան Մանսուրեան։

 


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ