ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Թարգմանչաց  Տօն

Սիրելինե՛ր, վստահաբար ձեզմէ ոմանք սկսան ուսումնական նոր տարեշրջանը, իսկ ուրիշներ՝ մօտերս պիտի սկսին։ Բոլորիդ կը մաղթենք բարի վերամուտ եւ յաջող տարեշրջան մը։

Ամէն տարեշրջանի սկիզբը կը նշենք Թարգմանչաց տօնը, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ Հոկտեմբեր 5-ին կը նշուի նաեւ Ուսուցիչներու տօնը, որ առնչուած է Թարգմանչաց տօնին, եթէ նկատի ունենանք թէ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները եղան հայ ազգին առաջին ուսուցիչները։

Անուրանալի* իրողութիւն է, որ հայերէնը հայ ազգին գոյատեւումին կարեւորագոյն ազդակն է. այդ պատճառով Թարգմանչաց տօնը կամ հայ գիրերու ստեղծումին տօնը մեր ազգային կարեւորագոյն տօներէն մին կը համարուի։ Երբ մեզմէ շատ աւելի հզօր ազգեր չկարողացան գոյատեւել եւ անցան պատմութեան գիրկը, հայ ազգը գոյատեւեց շնորհիւ հայ գիրերուն եւ հայ մշակոյթին։

Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, մեր բոլորին պարտականութիւնն է սիրել ու գուրգուրալ մեր մայրենի լեզուին կամ ոսկեղինիկին վրայ եւ ջանալ լաւապէս իւրացնել զայն եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ