ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Յայտարարութիւն

 

Սիրելի՛ ՓԹԻԹ-ի համակիրներ

 

Շուրջ երկու ամիսէ կը յայտարարէինք բարեփոխութիւններ, նոր բաժիններու յաւելում մեր կայքին վրայ, ինչպէս նաեւ նոր թարմացում, որուն թեման է՝ գարնանային ծաղիկները։ Ամէն ինչ պատրաստ էր Մարտ 15-ին, սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ ձեզի հրամցնել զանոնք, որովհետեւ անսպասելի արգելք մը պատահեցաւ։ 

 

Իւրաքանչիւր կայք համացանցի վրայ իր հիւրընկալ (host) ընկերութիւնը կ՚ունենայ։ Անհաճոյ զուգադիպութեամբ մը, մեր հիւրընկալ ընկերութիւնն ալ փոփոխութեան եւ նորոգութեան փուլի մէջ է մինչեւ Ապրիլ 7 եւ չ՚արտօներ որեւէ փոփոխութիւն կատարել մեր կայքին վրայ։ Հետեւաբար պարտադրուած ենք սպասել մինչեւ իրենց աշխատանքին աւարտը, որպէսզի կարենանք ձեզի հրամցնել ՓԹԻԹ-ի կայքին բարեփոխութիւնները եւ նոր նիւթերը։

 

Այս ուշացումին համար կ՚ապաւինինք ձեր հասկացողութեան  եւ համբերութեան։

 

ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւն