ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

 

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթը բարեկամութիւնն է։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) 30 Յուլիսը հռչակած է Համաշխարհային Բարեկամութեան Օր, թէեւ կարգ մը երկիրներ այն կը տօնեն Օգոստոսի առաջին Կիրակին։

Բարեկամութիւնը բոլոր յարաբերութիւններէն ամէնէն գեղեցիկն է ու արժէքաւորը։ Բարեկամութիւնը կեանքի ամէնէն թանկագին նուէրն է։ Այն անձերը, որոնք լաւ բարեկամներ ունին, ամէնէն աւելի կը վայելեն կեանքը։

Իսկական բարեկամութիւնը հիմնուած է փոխադարձ հաւատարմութեան, զոհողութեան եւ նեցուկի վրայ։ Լաւ բարեկամը այն անձն է, որ մեր կողքին կ՚ըլլայ կեանքի բոլոր վիճակներուն մէջ. ան կը կիսէ ոչ միայն մեր ուրախութիւններն ու յաջողութիւնները, այլեւ բաժնեկից է մեր ցաւերուն ու ձախողութիւններուն, թէեւ չի վարանիր* մատնանշելու* մեր սխալները։

Բարեկամութիւնը կ՚օգնէ, որ մանուկներ ու պատանիներ մտային եւ զգացական առողջ աճ ունենան։ Այդ պատճառով ալ բարեկամներու ընտրութիւնը շատ կարեւոր է եւ պէտք է զգուշութեամբ կատարենք այն, որովհետեւ սխալ ընտրութիւնը կրնայ մեզ զանազան հարցերու ենթակայ դարձնել։ Սակայն, եթէ յաջողինք ճիշդ անձը ընտրել, մեր կեանքին ընթացքին կ՚ունենանք հարազատ մը, որ նոյնիսկ մեր ընտանիքի անդամներէն աւելի մտերիմ կրնայ ըլլալ եւ մեզի կ՚ընկերակցի մեր կեանքի բոլոր փուլերուն։


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ