ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ,
Ահա Զատիկը շատ մօտ է, բայց դժբախտաբար շարունակուող համավարակին պատճառով պիտի չկարենանք ո՛չ միայն աւագ շաբթուան եկեղեցական արարողութիւններուն ներկայ գտնուիլ, այլեւ պիտի չունենանք ընտանեկան եւ ընկերային հաւաքոյթներ։
Անշուշտ բոլորս ալ կը սիրենք գոյնզգոյն հաւկիթները, մանաւանդ մեր ընկերներուն հետ հաւկթախաղը, սակայն այս տարի եւս պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ խուսափինք ընկերային հաւաքոյթներէ, որպէսզի չվարակուինք ժահրէն եւ մանաւանդ չփոխանցենք այն մեր ծնողքին ու հարազատներուն, որոնք վարակուելու պարագային կրնան առողջական բարդութիւններ ունենալ։ Ուրեմն, սիրելինե՛ր, եկէք քիչ մը եւս համբերենք եւ երբ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ստանայ ժահրին դէմ պատուաստը, հաւանաբար կարենանք վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին եւ վայելել մնացեալ տօնական օրերը, հաւաքոյթներն ու խրախճանքները։
Մինչ այդ, շարունակենք օգտուիլ մեզի հրամցուած զանազան առցանց դաստիարակչական կայքերէն եւ շնորհակալ ըլլանք զանոնք հովանաւորողներէն, ինչպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն, որ այս տարի եւս պիտի շարունակէ ՓԹԻԹ-ի կայքին իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, որպէսզի պարբերաբար նոր նիւթեր ունենանք եւ անոնց ընկերակցութեամբ հաճելի եւ ուսանելի ժամանց վայելենք։
ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԾԱՌԵՐ
- ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
- ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
- ՏԻԵԶԵՐՔ
- ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
- ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
- ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ
- ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
- ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
- ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
- ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
- ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԶԲԱՂՈՒՄՆԵՐԸ
- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
- 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
- ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ