ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Բջիջային Խելացի Հեռաձայնները

Սիրելինե՛ր, բոլորիս ծանօթ է, որ բջիջային խելացի հեռաձայնը այլեւս ձեր անբաժան ընկերն է։ Կրնայ պատահիլ որ երէց սերունդի անդամ մը մոռնայ իր հեռաձայնը, սակայն ձեր պարագային գրեթէ անկարելի է նման բան, որովհետեւ, կարծես դարձած է ձեր մարմնի անդամը։

Իրենց բոլոր անժխտելի* առաւելութիւններով հանդերձ, բջիջային խելացի հեռաձայնները ունին բազմաթիւ անպատեհութիւններ*, որոնցմէ պիտի կեդրոնանանք ամէնէն կարեւորին վրայ։ Բջիջային խելացի հեռաձայնները, որոնք շատ աւելի են քան սոսկ* հեռաձայններ, պատճառ կը դառնան, որ դուք ձեր ազատ ժամերը գրեթէ ամբողջութեամբ անցընէք անոնց ընկերակցութեամբ, խաղեր խաղալով, Ֆէյսպուքի կամ այլ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու վրայ նկարներ տեղադրելով, ընկեր-ընկերուհիներուն հետ շաղակրատելով (chat), գրաւոր կամ ձայնային պատգամներ ղրկելով եւ այլն, շարքը շատ երկար է։ Բնականաբար, երբ այս զբաղումները կը լեցնեն ձեր ազատ ժամերը, դուք բաւարար ժամանակ պիտի չունենաք անցընելու ձեր ծնողքին կամ ընտանիքի այլ անդամներու ընկերակցութեամբ, եւ եթէ նոյնիսկ ֆիզիքապէս ներկայ էք տան մէջ, պիտի ըլլաք ներկայ-բացակայ մը, եւ եթէ ընտանիքի անդամ մը ձեզի խօսք ուղղէ, շատ յաճախ պիտի չլսէք, որովհետեւ ձեր կեդրոնացումը հեռաձայնին վրայ է ∙∙∙

Սիրելինե՛ր, միշտ նկատի ունեցէք, թէ որեւէ բանի ծայրայեղութիւնը լաւ չէ եւ ունի բազմաթիւ հետեւանքներ։ Հետեւաբար փորձեցէք սահմանափակել ձեր հեռաձայնի գործածութիւնը եւ փորձեցէք աւելի ժամանակ անցընել ձեր ծնողքին ինչպէս նաեւ ձեր մեծմայրերուն եւ մեծհայրերուն հետ, որոնց ներկայութիւնը ձեր կեանքին մէջ կրնայ երկարատեւ չըլլալ։