ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ,

Նախորդ տարեշրջանը դիւրին չեղաւ ձեզի եւ ձեր ուսուցիչներուն համար, համաճարակին պարտադրած առցանց ուսուցումին պատճառով։ Հաւանաբար կարելի եղաւ ուսումնական ծրագիրները քիչ թէ շատ աւարտել, սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ առցանց իրականացնել հայկական վարժարաններու մէջ գեղեցիկ սովորութիւն դարձած ատենամարզանքները կամ հայկական կարեւոր տօներու նշումը, որոնք հիմնական դեր ունին ձեր կրօնական եւ ազգային դաստիարակութեան մէջ, ձեզի փոխանցելով հայկական աւանդութիւնները եւ ձեր մէջ ամրացնելով հայ ըլլալու հպարտութիւնը։

Վերոյիշեալ կարեւոր տօներէն է Թարգմանչաց տօնը, որ ամէն տարի կը նշենք Հոկտեմբերի սկիզբը։ Թարգմանչացը, կամ հայ գիրերու գիւտին տօնը, չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ հայ ազգը եւ հայ մշակոյթը պիտի չգոյատեւէին առանց հայերէն այբուբենին։
Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն ներդրումը հայ մշակոյթին անգնահատելի է, եւ մենք պարտինք տարին անգամ մը նշելով այս տօնը մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց։ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն հանդէպ մեր սէրն ու հպարտութիւնը աւելիով յայտնած կ’ըլլանք մեր մայրենի լեզուն սիրելով եւ շատ լաւ սորվելով ու մեր խօսքին մէջ օտար բառեր չխառնելով։