ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ,
Դպրոցական տարեշրջանի աւարտէն ետք վստահաբար բոլորդ կը վայելէք ամառնային արձակուրդը։
Ամառնային արձակուրդը անշուշտ կարեւոր է. պէտք է դադար առնէք ձեր դասերէն, հանգստանաք եւ հաճելի զբաղումներով անցընէք ձեր ժամանակը, որպէսզի նոր թափով* ու աշխուժութեամբ սկսիք յաջորդ դպրոցական տարեշրջանը։
Բնականաբար ձեր զբաղումներուն մաս կը կազմեն լողը եւ զանազան բնոյթի մարզաձեւերը, համակարգչային խաղերը եւ ընկերային ցանցերը։ Այս բոլորը շատ լաւ են ու հաճելի, սակայն անհրաժեշտ է որ դուք ամէն օր ժամանակ տրամադրէք նաեւ ընթերցանութեան եւ ՓԹԻԹ-ի խաղերուն նման դաստիարակչական խաղերու, որոնք ո՛չ միայն ձեզի հաճելի, այլ նաեւ օգտակար ժամանց կը պարգեւեն։
Ձեզմէ շատեր, անցնող տարուան ընթացքին, թերեւս որոշ տկարութիւններ ունեցան իրենց դասերուն մէջ։ Մեծապէս օգտակար կ՚ըլլայ, երբ բաւարար ժամանակ տրամադրէք նաեւ այս կամ այն դասին մէջ ձեր արձանագրած տկարութիւնները սրբագրելու։
Միշտ փորձեցէք բարի գործ ընել։
Սիրելինե՛ր, բարեգործութիւնը պարզ բաներէ կը սկսի. կրնաք օգնել ձեր մօրը՝ տան գործերուն մէջ, կրնաք այցելութիւններ տալ ազգականներու, որոնք երկար ատենէ չէք տեսած. Եթէ ձեր մէկ ընկերը կամ դրացին ձեզմէ բան մը խնդրէ, «սիրո՛վ» ըսէք, ու կատարեցէք անոր խնդրանքը։
Սիրելինե՛ր, միշտ փորձեցէ՛ք օգտակարն ու հաճելին միախառնել*, որպէսզի երբ չափահաս դառնաք, ըլլաք գիտակից հայ երիտասարդ մը, որ գիտէ իր հաճոյքին կողքին նաեւ ժամանակ յատկացնել օգտակարին ու բարիին։
ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
- ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
- ՏԻԵԶԵՐՔ
- ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
- ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
- ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
- ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ
- ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
- ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
- ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
- ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
- ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
- 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
- ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
- ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ