ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ.

2018 տարուան սեմին ձեզի եւ ձեր ծնողներուն կը մաղթենք ուրախ, բարեբեր եւ արդիւնաւէտ տարի մը։ Արդէն իսկ երկու տարի անցաւ ՓԹԻԹ-ի այս կայքին մեկնարկէն*։ ՓԹԻԹ-ի կայքը այս ժամանակամիջոցին յաջողեցաւ ունենալ բազմաթիւ այցելուներ կամ համակիրներ աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն, սկսելով Միացեալ Նահանգներու զանազան նահանգներէն, Գանատայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Ուրուկուէյէն, անցնելով Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրներէն եւ Միջին Արեւելքէն, հասնելով մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, ինչպէս Ճափոն, Քորէա, Սինկափուր, Վիեթնամ եւ Չինաստան...

Այս երեւոյթը կ’ապացուցէ*, որ ՓԹԻԹ-ի կայքը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ կրցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող եւ տարբեր լեզուական ու մշակութային ենթահող (background) ունեցող փոքրիկներու եւ պատանիներու ուշադրութիւնը գրաւել։ Առաւել, տարբեր երկիրներու մէջ հայկական վարժարաններու կարգ մը դասարաններ եւս, շաբաթական կամ ամսական դրութեամբ կ’այցելեն այս կայքը եւ կ’օգտուին հրամցուած բազմաբնոյթ բովանդակութենէն։

Այս բոլորը կարելի պիտի չ’ըլլար իրագործել, եթէ չունենայինք Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին հովանաւորութիւնը եւ նիւթաբարոյական նեցուկը, որու համար, ձեր ու մեր կողմէ խորին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք։

Կը յուսանք, որ 2018-ին եւս կը կարենանք ձեզի հրամցնել նոր նիւթեր, որպէսզի դուք շարունակէք ունենալ հաճելի եւ օգտակար ժամանց՝ ՓԹԻԹ-ի կայքին ընկերակցութեամբ։
Իսկ ՓԹԻԹ-ի app-ը արդէն իսկ մէկ տարեկան եղաւ եւ Google Play-ի վրայ ունի աւելի քան 11.000 ներբեռնում (download), իսկ App Store-ի վրայ՝ շուրջ 3.500։