ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ



ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումին նիւթը ապականութիւնն* է։

Ապականութիւնը Երկիր մոլորակին դիմագրաւած լրջագոյն հարցերէն է. կենսոլորտի* ապականութիւնը համաշխարհային գերխնդիր* մըն է, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի համայն մարդկութեան վրայ։

Ապականութիւնը գլխաւորաբար 4 տեսակ է.

  • Օդի ապականութիւն
  • Ջուրի ապականութիւն
  • Հողի ապականութիւն
  • Աղմուկի ապականութիւն
  • Օդի ապականութիւնը մեր շնչած օդին ապականութիւնն է, որուն պատճառը օդին մէջ երկթթուակ բնածուխի (carbon dioxide) բարձր մակարդակն է, որ յառաջ կու գայ գլխաւորաբար ինքնաշարժներէ եւ գործարաններէ, ինչպէս նաեւ շինարարական եւ հողագործական աշխատանքներէ։

    Ջուրի ապականութիւնը ըմպելի* ջուրի աղբիւրներու եւ ջրային տարածքներու* ապականութիւնն է, որու պատճառը քիմիական կամ այլ վնասակար տարրերու* յաւելումն է ջուրին, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի* թափօններու* եւ քարիւղի հոսքը ջուրին։

    Հողի ապականութիւնը յառաջ կուգայ հանքագործութենէ*, անտառազրկումներէ, ելեկտրոնային թափօններէ եւ վնասակար քիմիական տարրերու եւ միջատասպան դեղերու օգտագործումէ։

    Աղմուկի ապականութիւնը յառաջ կու գայ մեքենաներէ, բարձրախօսներէ, բարձր երաժշտութենէ եւ շինարարական աշխատանքներէ։

    Բնականաբար վերոյիշեալ բոլոր ապականութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ'ունենան մեր առողջութեան վրայ, որոնց մասին կրնաք կարդալ գիտական բաժինին մէջ։


ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ