ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ,

Համաշխարհային համաճարակի այս օրերուն բոլորս տունն ենք եւ զրկուած՝ մեր առօրեայ զբաղումներէն ու պտոյտներէն։ Բարեբախտաբար, համացանցային զանազան դաստիարակչական կայքեր մեզի հաճելի եւ օգտակար ժամանց կը պարգեւեն։

ՓԹԻԹ-ի վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ Մարտ ամիսէն սկսեալ ՓԹԻԹ-ի յաւելուածի (app)-ի ներբեռնումները, ինչպէս նաեւ ՓԹԻԹ-ի կայքի այցելուները բազմապատկուած են, որու համար շատ ուրախ ենք եւ պիտի փորձենք յաջորդական թարմացումներով առաւել եւս հարստացնել զանոնք: Այս մէկը կարելի պիտի չըլլայ առանց Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի պատասխանատուներուն նիւթաբարոյական յարատեւ քաջալերանքին, որու համար բոլորիս կողմէ կը յայտնենք մեր շնորհակալական ու երախտագիտական զգացումները։

Սիրելինե՛ր, մնացէ՛ք տունը, մնացէ՛ք առողջ եւ փորձեցէ՛ք աւելի ժամանակ անցընել դաստիարակչական կայքերու եւ յաւելուածներու ընկերակցութեամբ, որպէսզի տունը մնալու այս փորձառութիւնը ըլլայ շահեկան եւ հաճելի: