ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումի նիւթն է երաժշտութիւնը։

Երաժշտութիւնը համաշխարհային լեզու մըն է, որ կը ստեղծուի մարդոց կողմէ, բայց նաեւ գոյութիւն ունի բնութեան մէջ։ Վստահաբար լսած էք հոսող ջուրի մը կամ ջրվէժի մը կարկաչիւնը, թռչունի մը դայլայլը կամ տերեւներու խշշոցը։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՓՈՒԼԵՐԸ

Կարդալ ամբողջութեամբ

ԾԱՆՕ՞Թ ԵՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

Խաղալ

ԳԻՏԵ՞Ս ՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐԸ

Խաղալ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԵՐԿՈՒ ԲԱՌ ՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Տուեալ ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ջնջէ՛ ցանցին մէջ, ապա մնացեալ տառերով կազմէ՛ պահուած բառը։ Յիշէ, որ բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։ Բայց իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ կրնաս գործածել։

Ամէնէն վերջը պահուած բառերը տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։

Խաղալ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Տուեալ բառերը ջնջէ՛ ցանցին մէջ, ապա մնացեալ տառերով կազմէ՛ պահուած բառը։ Յիշէ, որ բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։

Խաղալ

ԽԱՉԲԱՌ
ՀԱՅ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՎ

Մեր արուեստը հարուստ է երաժիշտներով՝ կատարողներով* կամ յօրինողներով*: Ահա խումբ մը յօրինողներ, որոնց մականունները կամ երաժշտական անունը պէտք է տեղադրէք խաչբառին մէջ, ամբողջացնելու համար զայն:

Խաղալ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՎ ԽԱՉԲԱՌ

Տուեալ նուագարանները տեղադրէ՛ խաչբառին մէջ։

Խաղալ

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂ

Որքա՞ն սրատես ես: Փորձէ գտնել երկու նկարներուն միջեւ գտնուող 7 տարբերութիւնները։ Կ'ուզե՞ս ժամանակ բռնել, գիտնալու թէ որքա՛ն արագ պիտի նշմարես տարբերութիւնները: Նոյնիսկ կրնաս մրցիլ քրոջդ/եղբօրդ կամ ընկերներուդ հետ...

Խաղալ