ՏԻԵԶԵՐՔԸ

ՏԻԵԶԵՐՔ

Տիեզերքը (universe) ամբողջութիւնն է այն բոլոր երկնային մարմիններուն (celestial bodies), որոնք գոյութիւն ունին անջրպետին մէջ։ Տիեզերքը այնքա՜ն ընդարձակ է, որ կարելի չէ պատկերացնել անոր մեծութիւնը։

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՒ ՄԷՋ

Տուեալ բառերը ջնջելէ ետք ցանցին մէջ, մնացեալ տառերով կազմէ՛ պահուած բառը։ Բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ՝ երկու ուղղութեամբ։ Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։

Խաղալ

ԽԱՉԲԱՌ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ

Գիտական բաժինը եւ խմբագրականը եթէ արդէն կարդացիր, ապա այս բառերը անծանօթ պէտք չէ ըլլան քեզի, նոյնիսկ եթէ նախապէս չէիր լսած: Դեռ չե՞ս կարդացած, ուրեմն խաղը խաղալէ առաջ կամ ետք, անպայման կարդա եւ տես թէ ի՜նչ հետաքրքրական բաներ պիտի իմանաս տիեզերքին մասին:

Իսկ հիմա տուեալ բառերը տեղադրէ՛ խաչբառին մէջ։

Խաղալ

ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Հետեւեալ հարցումները մոլորակներուն մասին են: Թերեւս դժուար թուի, բայց չէ՞ որ հաւանական պատասխանները փորձելով կրնաս գտնել ճիշդը:

Օ՛ն ուրեմն, ապա տեսնենք, թէ իւրաքանչիւրին ճիշդ պատասխանը քանի՞երորդ փորձին պիտի գտնես:

Խաղալ

ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ
ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ

Ամբողջացո՛ւր հետեւեալ բառերուն պակսող տառերը ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։

Խաղալ