ԾԱՌԵՐ
ԾԱՌԵՐ
ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումը նուիրուած է բնութեան եւ մանաւանդ բուսականութեան ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն* մէկուն՝ ծառին։
Կարդալ ամբողջութեամբԳԻՏԵ՞Ս ՄՇՏԱԴԱԼԱՐ ԾԱՌԵՐԸ
Հաւանաբար վարի խումբէն 2-3 ծառի անուն գիտես. վստահաբար մի քանին տեսած ալ ես, նոյնիսկ եթէ ֆիլմերու մէջ կամ նկարով: Ահա առիթ մը, որ ծառին անունը միացնելով ճիշդ նկարին կարենաս սորվիլ ո՛չ միայն մշտադալար ծառերուն անունները, այլեւ ճանչնաս նաեւ զանոնք: Կը պատկերացնե՞ս ծնողքիդ հիացումը, երբ յաջորդ պտոյտին տեսնես ծառ մը եւ անոր անունը ըսես երկու լեզուով...:
ԽաղալՊԱՀՈՒԱԾ ԱԾԱԿԱՆԸ
Եթէ պտուղը ծառին կապող խաղը արդէն լուծեցիր, ապա այս մէկը պէտք է դիւրին ըլլայ, բացի եթէ... ուղղագրութեան հարց ունիս: Ահա առիթ քեզի, որ գիտնաս նաեւ, թէ ինչպէս կը գրուին մեր սիրած պտուղներուն անունները:
Ուրեմն իւրաքանչիւր պտուղի նկարին տակի քառակուսիները ամբողջացուր, ապա կարմիր քառակուսիներու տառերով կազմէ պահուած բառը։
ԳԻՏԵ՞Ս ՊՏՂԱՏՈՒ ԾԱՌԵՐԸ
Ախորժակդ բացուեցա՞ւ: Ասոնցմէ ո՞ր մէկն է նախընտրածդ: Բնութեան ամէնէն ախորժաբեր* բարիքներէն մէկը պտղատու ծառերն են, որոնք հազարամեակներ ծառայած են մարդուն, ո՛չ միայն կենսական սնունդ, այլեւ համեղ ուտելիքներ հայթայթելով անոր: Վարի պտուղները վստահաբար գիտես, իսկ անոնց ծառե՞րը...: Հը՜մ, փորձե՞նք պտուղը ծառին կապել:
ԽաղալՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ ԾԱՌԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ
Ամբողջացուր հետեւեալ բառերուն պակսող տառերը ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։ Ասոնցմէ որո՞նք գիտէիր: Միւսներուն իմաստը կրնաս ստուգել բառարան բանալով:
Խաղալ