ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
Սիրելի՛ ընթերցողներ,
Ինչպէս կը տեսնէք, ՓԹԻԹ-ի կայքը բարեփոխուած է եւ այսուհետեւ յաջորդ թարմացումները պիտի ունենան յատուկ թեմա մը։
Նաեւ պիտի տեսնէք, որ նոր բաժիններ աւելցած են կայքին վրայ, ինչպէս՝«գիտական», «պատմական» եւ «աշխարհագրական» որոնք մասամբ պիտի անդրադառնան թարմացումի թեմային:
ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հաւանաբար արդէն խաղցար «Գիտե՞ս գարնանային ծաղիկները» խաղը եւ ծանօթացար նոր ծաղիկներու եւ անոնց անուններուն: Շարունակենք ամրապնդել մեր սորվածը այս խաղով:
Տուեալ ծաղիկներուն անունները ջնջէ՛ ցանցին մէջ, ապա մնացեալ տառերով կազմէ պահուած բառը։
Բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ՝ երկու ուղղութեամբ։ Իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ կրնաս օգտագործել։
Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։
ԽԱՉԲԱՌ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՎ
Եկէք, հիմա անգամ մըն ալ ստուգենք, թէ որքա՛ն լաւ սորվեցանք ծաղիկներուն անունները, լուծելով այս խաչբառը:
ԽաղալԳԻՏԵ՞Ս ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ
Գարունը շատ-շատերու ամէնէն սիրած եղանակն է: Ասոր պատճառները շա՜տ են. մեղմ եւ հաճելի եղանակը, բնութեան զարթօնքը եւ այլն:
Կարեւոր պատճառ մըն է նաեւ բնութեան մէջ գոյներու, երանգներու զանազանութիւնը եւ պարտէզներէ ու դաշտերէ տարածուող անուշ բոյրը, որոնք կը պարտինք բուրումնաւէտ ու գոյնզգոյն ծաղիկներուն, ըլլան անոնք մշակուած՝ յատուկ պարտէզներու մէջ,
ըլլան՝ վայրի՝ տարածուած ազատ բնութեան մէջ:
Եկէք խաղալով սորվինք մի քանի ծաղիկի հայերէն անունները, բառերը միացնելով նկարին։
ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Սիրելի՛ մանուկ եւ պատանի ընթերցող: Այս բաժինը նոր է ՓԹԻԹ-ի խաղերուն մէջ: Մեր նպատակն է զարգացնել քու գիտելիքներդ տուեալ նիւթին մէջ: Ուրեմն, հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
ԽաղալԳԻՏԵ՞Ս ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ
Այո՛, խաղին վերնագիրը ճիշդ կարդացիր: Ծաղիկներն ալ ունին իրենց հայրենիքը:
Այդ կը նշանակէ, թէ կա՛մ առաջին անգամ հո՛ն գտնուած են, կա՛մ այդ երկրին մէջ շա՜տ կայ անոնցմէ եւ այլն: Իւրաքանչիւր հարցումի 3 պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
(Մնացեալ երկուքը կը գրաւեն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը)