ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ

ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կարդալ ամբողջութեամբ

ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ

«Փթիթ»-ի այս թարմացումի նիւթը ընտանի կենդանիներն են։

Ընտանի կը կոչուին այն կենդանիները, որոնք ընտելացուած են եւ կը պահուին մարդոց կողմէ, տարբեր նպատակներով։ Ոչ-ընտանի կենդանիները կը կոչուին վայրի, որ պէտք չէ շփոթել վայրենի բառին հետ, որ կը նշանակէ կատաղի, վտանգ պատճառող եւ այլն: Բոլոր վայրի կենդանիները վայրենի չեն ըլլար:

Կարդալ ամբողջութեամբ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Այս ցանցը կը նմանի ագարակի, ուր կան բազմաթիւ ընտանի կենդանիներ: Գտիր զանոնք, ապա մնացեալ տառերով կազմէ պահուած բառը, զայն տեղադրելով վարի տուփիկին մէջ։

Բառերը ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։ Իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ օգտագործել։ Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։

Խաղալ

ԽԱՉԲԱՌ ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՎ

Տուեալ ընտանի կենդանիները տեղադրէ՛ խաչբառին մէջ։

Խաղալ

ԳԻՏԵ՞Ս ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՁԱՅՆԵՐԸ

Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած է 3 պատասխան։ Փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։


Ո՞Ր ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆ...

Խաղալ

ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած է 3 պատասխան։ Փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

Խաղալ

ՆՄԱՆԱՁԱՅՆ ԲԱՌԵՐ

Ահաւասիկ կարգ մը նմանաձայն բառեր, որոնցմէ ոմանք պիտի գտնէք ագարակի եւ կենդանական աշխարհի մէջ: Ուշադիր եղէք որ չսխալիք, այլապէս...

Խաղալ

ՇԱՐՔԻՆ ՉՅԱՐՄԱՐՈՂ ԲԱՌԸ

Իւրաքանչիւր շարքի մէջ կայ բառ մը, որ տարբեր է միւսներէն։ Ջանա՛ գտնել զանոնք եւ գիտնալ, թէ ինչու՞ այդ շարքին մէջ պէտք չէ ըլլան:

Խաղալ

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂ

Պահն է սուր տեսողութիւնդ չափելու եւ մանաւանդ քննելու, թէ որքա՞ն ուշադիր կ'ըլլաս մանրամասնութիւններ նկատելու: Ժամ բռնէ եւ տես թէ քանի՞ վայրկեանէն պիտի կարենաս գտնել ագարակի նոյն նկարներուն միջեւ գտնուող 7 տարբերութիւնները

Խաղալ