ՃՊՈՒՌՆ ՈՒ ՄՐՋԻՒՆԸ

Մրջիւնները, ցուրտ ձմրան, արեւուն տակ կը չորցնէին իրենց ձմեռուայ պաշարը։ Ճպուռը, խեղճացած, մօտեցաւ անոնց ու խնդրեց.
-Սիրելի՛ մրջիւններ, բարի՜ք ըրէք, քիչ մը ողորմութիւ՜ն տուէք, այլապէս անօթութենէն պիտի սատկիմ։
-Ճպու՛ռ քոյրիկ, մենք ամառուայ տաքին, արեւուն տակ անընդհատ աշխատեցանք, դաշտերը չափչփելով, քրտինք թափելով այս պաշարը հաւաքեցինք, իսկ դուն ու քեզի պէս միջատները այդ սուղ ժամանակը անիմաստ անցուցիք ու պարապ-սարապ թափառեցաք։ Ի՞նչ ըրիր ամբողջ ամառը, ճի՛շդը ըսէ,- հարցուցին Մրջիւնները։
-Ճի՞շդը կ’ուզէք գիտնալ,ըսեմ. երգեցի ու պարեցի։
-Տե՛հ, եթէ ամբողջ ամառը երգեր-պարեր ես, հիմա՝ ձմե՛ռն ալ երգէ ու պարէ, անօթի թռչկոտէ։ Քեզի շիւղ մը իսկ չենք տար,- պատասխանեցին Մրջիւնները։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան