ԿԱՂՆԻՆ ԵՒ ԹՈՒՓԵՐԸ

ԿԱՂՆԻՆ ԵՒ ԹՈՒՓԵՐԸ

Անտառին մէջ հսկայ կաղնի մը կար, որուն շուրջ կը գտնուէին փոքր թուփեր։ Երբ քամին փչէր, կաղնին իր բազմաթիւ ճիւղերով հպարտ կը մնար, մինչ թուփերը անընդհատ կը ծռէին:

-- Այս որքա՜ն վախկոտ էք,-- կ'ըսէ գոռոզ կաղնին թուփերուն։ -- Զեփիւռին* առջեւ իսկ գլուխ կը ծռէք. չէ՞ք ամչնար անընդհատ խոնարհելէ: Տեսէ՛ք, ես նոյնիսկ փոթորիկներուն դիմաց ուղիղ կը կենամ եւ չեմ ազդուիր անոնցմէ։

-- Մեր մասին մի՛ մտահոգուիր,-- կ'ըսեն թուփերը։-- Մենք կը սիրենք զգուշ ըլլալ եւ հովերուն դիմաց կը ծռինք, որպէսզի չվնասուինք, բայց դուն յամառօրէն չծռելով՝ օր մը պիտի տապալիս* կամ ճղակտոր* պիտի ըլլաս:

 Ձմռան ցուրտ օրերը կը մօտենան: Քամին կը զօրանայ: Օր մըն ալ ահաւոր փոթորիկ մը կը սկսի. անտառին մէջ ամէն ինչ կ'օրօրուի: Կենդանիներ ու թռչուններ ապահով ապաստան* կը փնտռեն: Տերեւներ, շիւղեր*, նոյնիսկ մեծ ճիւղեր կը թռին աստ ու անդ*: Թուփերը կը ծռեն իրենց ճկուն ճիւղերը եւ կը փրկուին կոտրտուելէ, բայց Կաղնին կը դիմադրէ։ Քամին աւելի կը զօրանայ եւ յամառ Կաղնին չկարենալով դիմադրել՝ կը տապալի։

Առակը ցոյց կու տայ, որ աւելի լաւ է ճկուն ըլլալ, երբ կարելի չէ դիմադրել, քան յամառ ըլլալ եւ կործանիլ։