ԱՌԻՒԾԸ ԵՒ ՄԺԵՂԸ

Առիւծ մը, որ պառկած էր եւ կը փորձէր քնանալ, շատ կ'անհանգստանայ մժեղի մը տզզոցէն եւ կը փորձէ հեռացնել զայն, ըսելով.
– Կորսուի՛ր աչքիս առջեւէն, անպէտք միջատ։
Բայց մժեղը առանց վախնալու կը պատասխանէ.
– Կը կարծե՞ս որ քեզմէ կը վախնամ, որովհետեւ անտառի թագաւորն ես։
Եւ թռչելով կը խայթէ Առիւծին քիթը։ Առիւծը կը փորձէ իր թաթով զարնել մժեղին, բայց միայն ինքզինք կը վիրաւորէ։ Մժեղը կը շարունակէ խայթել Առիւծը, որ կը սկսի բարկութենէն բարձրաձայն մռնչել, որովհետեւ անզօր էր փոքրիկ մժեղին դիմաց։
Յաղթական մժեղը կը հեռանայ՝ բոլորին պատմելու համար իր յաղթանակին մասին, սակայն անուշադրութեամբ կը բռնուի սարդոստայնի* մը մէջ եւ կեր կը դառնայ փոքրիկ սարդի մը։

Առակը ցոյց կու տայ, որ յաղթանակի մը համար յոխորտալը* պէտք չէ մեզ անզգուշ դարձնէ։