ԱՐԱԳԻԼԸ ԵՒ ԱԳԱՐԱԿԱՊԱՆԸ

ԱՐԱԳԻԼԸ ԵՒ ԱԳԱՐԱԿԱՊԱՆԸ

Խումբ մը կռունկներ կ՚առաջարկեն արագիլին, որ իրենց միանայ նոր ցանուած դաշտ մը երթալու համար։ Արագիլը կը միանայ կռունկներուն, բայց բոլորն ալ կը բռնուին ագարակապանին լարած ցանցին մէջ։

Արագիլը կ՚աղաչէ ագարակապանին, որ զինք խնայէ եւ կ՚ըսէ.

̶  Կը խնդրեմ, զիս ազատ ձգէ, ես կը պատկանիմ արագիլներու ընտանիքին, որ ծանօթ է իր պարկեշտութեամբ եւ բարի նկարագիրով։

̶  Դուն շատ լաւ թռչուն մը կրնաս ըլլալ, ̶   կ՚ըսէ ագարակապանը, ̶   բայց ես քեզ բռնեցի գող կռունկներուն հետ եւ պէտք է անոնց պատիժին արժանանաս։

Առակը ցոյց կու տայ, որ պէտք է ընտրենք լաւ ընկերներ, որպէսզի խուսափինք գէշ հետեւանքներէ։