ՇՈՒՆԸ, ԱՔԼՈՐԸ ԵՒ ԱՂՈՒԷՍԸ

ՇՈՒՆԸ, ԱՔԼՈՐԸ ԵՒ ԱՂՈՒԷՍԸ

Շունը եւ Աքլորը, որոնք բարեկամ էին, որոշեցին միասին պտըտիլ եւ իրենց ագարակէն անդին գտնուող աշխարհը տեսնել։ Ուստի ճամբայ կ'ելլեն եւ կը հասնին անտառ մը, ուր կ'որոշեն գիշերել։ Աքլորը ծառի մը ճիւղին վրայ կը թառի, իսկ Շունը նոյն ծառին խոռոչին* մէջ կը քնանայ։

Լուսածագին, Աքլորը կարծելով, թէ տակաւին ագարակին մէջն է, կը սկսի բարձրաձայն կուկուլիկու կանչել։ Աղուէս մը, լսելով Աքլորին կանչը՝ համեղ նախաճաշի մը ակնկալութեամբ կը մօտենայ ծառին եւ ամենայն քաղաքավարութեամբ կ'ըսէ Աքլորին.

–Բարի եկած էք մեր անտառը, պարո՛ն Աքլոր: Չէ՛ք կրնար երեւակայել, թէ որքա՜ն ուրախ եմ ձեզ հոս տեսնելով. յուսամ բարեկամներ կ'ըլլանք։ Արդեօք կրնա՞ք վար իջնել, որ աւելի մօտէն ծանօթանանք:

Աքլորը կը պատասխանէ.

–Շատ շոյուած կը զգամ ձեր ազնիւ խօսքերէն, յարգելի՛ Աղուէս։ Անշուշտ պիտի ուզէի ձեզ մօտէն ճանչնալ: Ես հիմա կ'իջնեմ. հաճեցէք ծառին խոռոչին մօտենալ, որպէսզի հոն հանգիստ զրուցենք։

Անօթի Աղուէսը ուրախ-ուրախ կը դառնայ ծառին հակառակ կողմը եւ հազիւ կը մօտենայ խոռոչին, անմիջապէս կը բռնուի Շունին կողմէ։

Առակը ցոյց կու տայ, որ անոնք որ կը փորձեն խաբել, իրենք ալ կը խաբուին։