ԿՐԻԱՆ ԵՒ ԲԱԴԵՐԸ

ԿՐԻԱՆ ԵՒ ԲԱԴԵՐԸ

Կրիայ մը շատ նեղուած կը դիտէր երկինքի թռչունները, որոնք ուրախ զուարթ կը թռչէին, բնութեան գեղեցիկ տեսարաններ կը դիտէին, մինչ ինք, իր պատեանին պատճառով, ո՛չ միայն չէր կրնար թռիլ ու վազել, այլեւ գետինը գտնուող առարկաներէ զատ ուրիշ բան չէր տեսներ։ Օր մը իր այս նեղութիւնը կրիան կը յայտնէ երկու բարեկամ բադերու, որոնք կը մեղքնան իրեն ու կը խոստանան օգնել, որ ան աշխարհ տեսնէ:

-- Ակռաներովդ լա՛ւ բռնէ այս գաւազանը,-- կ'ըսեն անոր,-- եւ մենք կրնանք քեզ բարձրացնել, որ վերէն դիտես գիւղը, դաշտը, նոյնիսկ լեռներն ու լիճերը, պայմանով որ, յանկարծ բերանդ չբանաս, այլապէս վար կ'իյնաս։

Կրիան շատ կ'ուրախանայ եւ ակռաներով ամուր կը խածնէ գաւազանը, իսկ բադերը անոր երկու ծայրերէն բռնած զինք դէպի ամպերը կը բարձրացնեն։ Կրիան ապշած կը դիտէ աջ ու ձախ. Իր գիտցած աշխարհէն որքա՜ն աւելի տարբեր աշխարհ կայ եղեր: Անցնող ագռաւ մը կը տեսնէ այս տարօրինակ տեսարանը եւ կ'ըսէ կրիային.

-- Վստա՛հաբար կրիաներու թագաւորն ես դուն:

Կրիան, շոյուած այս խօսքէն, կ'ուզէ պատասխանել ագռաւին, սակայն հազիւ բերանը բացած, կ'իյնայ ու կը ջախջախուի ժայռի մը վրայ:

Առակը ցոյց կու տայ, որ մեծամտութիւնն* ու սնափառութիւնը* վատ հետեւանք կ'ունենան։