ՀԱՅՐՆ ՈՒ ՀՆՁՈՒՈՐ ՏՂԱՆ

Հայրը իր երեք որդիներուն ու աւագ թոռան հետ հունձ կ’ընէ։ Կէսօրուայ արեւի տապին*, աւագ որդին գլխարկը մէկդի կը նետէ ու կը սկսի հունձը գլխաբաց ընել։

Հայրը կ’ըսէ.

-Որդի՛ս, հոգիդ սիրեմ, արեւը կը զարնէ, կ’արեւահարուիս, գլխարկդ դիր՝ այդպէ՛ս աշխատիր։

Որդին հօր խօսքը մտիկ չ’ըներ։ Հայրը, ճարահատ, կ’երթայ թոռան գլխարկը կը վերցնէ ու զայն գլխաբաց կը ձգէ։ Աւագ որդին կը հասկնայ հօր պատգամը, գլխարկը լռելեայն կերպով գլուխը կը դնէ ու հունձը կը շարունակէ։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան