Առիւծ, Աղուէս Եւ Արջ
Առիւծը հիւանդացաւ եւ բոլոր կենդանիները անոր տեսութեան գացին. միայն աղուէսը ուշացաւ։
Օգտուելով առիթէն, արջը չարախօսեց* աղուէսին մասին, սակայն աղուէսը դռան մուտքէն կը լսէր ամէն ինչ։
Երբ արջը աւարտեց իր բամբասանքը*,
աղուէսը իբրեւ թէ հեւալով, ներս մտաւ եւ ինկաւ առիւծին առջեւ։ Առիւծը ըսաւ աղուէսին.
-Ժամանակին չեկար գարշելի*, ըսէ՛ ինծի, ինչո՞ւ ուշացար։ Աղուէսը ըսաւ.
-Մի՛ բարկանար բարի՛ թագաւոր, կ’երդնում քու գլխուդ վրայ, որ քու առողջութեանդ համար ուշացայ. Այցելեցի բազմաթիւ բժշկապետերու*, չարչարուեցայ մինչեւ որ գտայ դեղը, որ քեզ կրնայ բժշկել։

Առիւծը ըսաւ.
-Բարի եկար իմաստու՛ն կենդանի, ի՞նչ է այդ դեղը։
Աղուէսը պատասխանեց.
-Շատ օգտակարէ եւ դիւրին. Բժշկապետերը ըսին թէ ողջ արջին մորթը պէտք է հանել եւ տաք-տաք դնել վրադ, եւ իսկոյն բոլոր ցաւերդ կը բուժուին։
Առիւծը հրամայեց բռնել արջը եւ մորթազերծ* ընել։ Արջը ցաւէն սկսաւ վայել* ու գոռալ։ Աղուէսը մօտենալով անոր, ըսաւ.
- Այս ամէնը քեզի համար եւ բոլոր անոնց, որոնք արքունիք* մտնելով կը չարախօսեն մէկը։
ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ