ԱՌԻՒԾԸ, ԳԱՅԼԸ ԵՒ ԱՂՈՒԷՍԸ
Առիւծը, գայլն ու աղուէսը եղբայրներ եղան եւ որսի ելան։ Գտան խոյ* մը,
մաքի* մը եւ գառնուկ մը։
Ճաշի ժամուն առիւծը ըսաւ գայլին. «Մեր մէջ բաժնէ այս որսը»։
Գայլը ըսաւ. «Ո՜վ թագաւոր, Աստուած արդէն բաժներ է՝ խոյը քեզի, մաքին ինծի եւ գառնուկը աղուէսին»։ Առիւծը բարկանալով ապտակ մը զարկաւ գայլին ծնօտին* եւ գայլին աչքերը դուրս թռան, ու ան դառնօրէն լացաւ։
Առիւծը աղուէսին ըսաւ որ բաժնէ որսը։ Աղուէսը ըսաւ. «Ո՜վ թագաւոր, Աստուած արդէն բաժներ է՝ խոյը քեզի ճաշին, մաքին քեզի նախընթրիքին եւ գառնուկը քեզի ընթրիքին»։

Առիւծը ըսաւ. «Ո՜վ խորամանկ աղուէս, ո՞վ քեզի սորվեցուց այդպէս ճիշդ բաժնել»։ Աղուէսը պատասխանեց. «Ինծի սորվեցուցին գայլին աչքերը, որ դուրս թռան»։
ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ
ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ